2008-10-25 14:05:19

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն


Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները լաւատես՝ շրջանին մէջ յարաբերութիւններու նոր ժամանակաշրջանի մը վերաբերեալ- Ըստ թրքական Անատոլու լրատու գործակալութեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար էդուարդ Նալբանդեան հինգշաբթի օր յայտնած է, որ Հայաստան լաւատես է հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցով, իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան ողջունած է շրջանին մէջ երկխօսութեան գործընթացի նոր ժամանակաշրջանը։ Նալբանդեան, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի կողքին Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին կը մասնակցէր, Անատոլու լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հայաստան աշխատանք կը տանի Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններու բնականոնացման։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին Թիրանայի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գտնուող հարցերու լուծման նոր գործընթացի մը սկսիլը շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման հոյակապ ջանք մըն է ,ան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ վերջնական նպատակը Հայաստանի հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացումն է։

Զուիցերիան ազատազրկման դատապարտած է ցեղասպանութիւնը մերժող երեք թուրքեր։ 2007-ի Յուլիս 1ին Զուիցերիոյ Վինթերհուր քաղաքէն ներս հաւաք մը կազմակերպուած էր Աթաթուրքի մտածելակերպը պահպանող ազգայնամոլ թրքական կազմակերպութեան Պեռնի մասնաճիւղին կողմէ ։ Այդ հաւաքին ընթացքին Թուրքիոյ աշխատաւորական կուսակցութեան ներկայացուցիչը Ալի Մերճան յայտարարած էր, որ կը միանայ յիշեալ կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչեքի անցեալ տարի Զուիցերիոյ մէջ յայտարարած Հայոց Ցեղասպանութիւնը իմպերիալիստներու սուտն է արտայայտութեան։ Այդ պատճառով Զուիցերիոյ ոստիկանութիւնը Մերճանին, հաւաքի կազմակերպիչ Հասան Քեմալին, կազմակերպութեան Պեռնի մասնաճիւղի նախագահ Էթհեմ Քայալըին ձերբակալած էր։ Զուիցերիական դատարանը Ալի Մերճանին 150 օր կալանքի վճիռ տուած է, իրեն հնարաւորութիւնը ընձեռելով բանտի մէջ պատիժը կրելու փոխարէն, 4500 զուիցերիական ֆրանքով փոխ հատուցել պատիժը։



Օպամա շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայերուն

Հայերը Օպամայի համար կազմակերպութեան ատենապետ

Արին Իպրանոսեանի յղուած Հոկտեմբեր 22 թուակիր նամակով մը, Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատ թեկնածու Պարաք Օպամա անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆի տարածքին իր ընտրապայքարին ի նպաստ աշխատանքին համար, շեշտելով թէ այս վերջին օրերուն ընտրապայքարին յաւելեալ թափ տալը կենսական է։



Վիեննա - քարիւղ արտադրող պետութիւններու Օփէք կազմակերպութիւնը որոշեց մօտաւորապէս 5 տոկոսով նուազեցնել իր արտադրութիւնները՝ զսպելու համար քարիւղի գինին անկումը։ Կազմակերպութեան նախագահ եւ Ալճերիոյ քարիւղի նախարար Շաքիպ Խալիլ յոյս յայտնեց, որ ընդհանուր արտադրութենէն օրական 15 միլիոն տակառ կրճատելու որոշումը կը կայունացնէ շուկան։ Յայտնենք, թէ քարիւղի մէկ տակառին գինը մրցանիշ հաստատեց անցեալ Յուլիսին՝ հասնելով 14727 տոլարի, սակայն վերջին ամիսներուն այդ գինը գրեթէ 60 տոկոսի անկում կրեց։ Հակառակ Ուրբաթ օրուան որոշումին, քարիւղի գինը շարունակեց իր անկումը եւ մէկ տակառը վաճառուեցաւ շուրջ 64 տոլարով։








All the contents on this site are copyrighted ©.