2008-10-24 15:34:33

Հայկական երաժշտութիւն


Իր 2600-ամեայ պատմութեան ընթացքին, Հայ ժողովուրդը կազմեց իւրայատուկ մշակոյթ մը, որուն հարստութիւնն ու յատկութիւնները փաստուած են գրականութեան, ճարտարապետութեան, արուեստներու միջոցաւ, ինչպէս նաեւ երաժշտական արուեստին մէջ։

Հայ երաժշտութեան ծագումը կը բարձրանայ մինչեւ Հայ Եկեղեցւոյ առաջին ծիսական արարողութիւնները, որով դժբախտաբար, հայկական այբուբէնի չգոյութեան պատճառաւ, Հին հեթանոսական բոլոր երերը ու անոնց երաժշտութիւնը կորսուեցան երբ Քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօնքը դարձաւ մեր երկրին, այսինքն 301 թուին։

Գալով Հայ գրերու գիւտին, որ տեղի ունեցաւ 405- թուին, Մեսրոպ Մաշտոցի ձեռամբ, ան սկիզբը հանդիսացաւ նաեւ պաշտօնապէս հայկական երաժշտութեան, որովհետեւ բուն հայկակն ծէսը սկիզբ առաւ նաեւ այդ շրջանին։ Ծէսին նմանութեամբ, հայկական երաժշտութիւնն ալ ծնունդ առաւ կրելով ազդեցութիւնը բիւզանդական եւ ասորական ծէսերուն։

Երգն ու երաժշտութիւնը կը դառնան անշուշտ կղերին մենաշնորհը սկզբնական շրջանին։ 17-րդ դարուն պէտք է սպասել որպէսզի աշխարհիկ երգեր ու բանաստեղծութիւններ մուտք գործեն հայկական երաժշտական արուեստին մէջ։ Յաճախ սիրային երգերն ու քերթուածները գրուած էին սկզբնական շրջանին եկեղացականներու կողմէ, սակայն ծածկանունով ստորագրուած։

Հին նախա-քրիստոնէական երաժշտութեան մասին մեզի հասած են սակայն կարգ մը տեղեկութիւններ, շնորհիւ 5-րդ դարու, որ կը կոչուի հայ գրականութեան ոսկեդարը, հեղինակներու, մասնաւորապէս Մովսէս Խորենացիի յիշատակութեամբ։

Ժողովրդական այդ երաժշտութեան հեղինակները գուսաններն էին, որոնք քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ փոխադրուող աշուղներ էին։ Անոնք իրարու յաջորդեցին դարէ դար, առանց սակայն գրաւոր ժառանութիւն մը թողլու մեզի։ Միայն 17-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 18-րդ դարու սկիզբն է որ իրենց երգերը գրի առնուեցան եւ իրենց երաժշտութիւնը նօթագրուեցաւ։

Ընդհանրապէս երաժշտութիւնը միաձայն էր եւ քաղցրահնչիւն, յաճախ կշռաչափուած. երաժշտութեան ու երգին կ՛ընկերանար յաճախ նուագարանի մը գործածութիւնը։ Այդ նուագարաններէն ոմանք զուտ հայկական էին. իսկ ուրիշներ՝ փոխառուած էին դրացի ազգերէ, զոր օրինակ Պարսիկներէն, Յոյներէն եւ Արաբներէն։

Անոնց մէջ ամէնէն գործածականներն էին.

-Որպէս Լարային նուագարաններ, Քամանչան, որ կլոր արկղով ջութակի մէկ տեսակն է, Կանոնը, Սազը, Տաւիղը, որը հաւանաբար հրէական ծագում ունի, քանի Դաւիթ մարգարէն զայն կը գործածէր, եւ վերջապէս քնարը՝ որը զուտ հայկական է։

-Որպէս Օդային նուագարան, մենք ունինք գլխաւորաբար դուդուկը, որը սրինգի մի տեսակն է եւ զուրնան, մի ուրիշ տեսակ սրինգ։

-Որպէս հարողական նուագարաններ, ունինք թմբուկի զանազան տեսակներ, որոնցմէ կարելի է յիշել Տըհոլը եւ Թափը։

8-րդ դարը գլխաւոր անկիւնադարձ մը հանդիսացաւ հայկական երաժշտութեան համար, շնորհիւ զոյգի մը, քոյր-եղբայր որոնք գիւտը կատարեցին հայկական նօթագրութեան եւ սկսան մագաղաթներու վրայ գրի առնել հայկական խազերը։ Ստեփաննոս Սիւնեցին է եւ իր քոյրը՝ Սահակադուխտ, որոնք հնարեցին հայկական նօթաները, հետեւելով մասնաւորապէս յոյն երաժշտագէտ Ռօմանոս երեցողին եւ զայն բաժնեցին ութը գլխաւոր ձայներու, որոնց մասին պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.