2008-10-24 15:31:07

Լուրեր հայ աշխարհէն


Յովիկ Աբրահամեան ընդունեց Իրանի դեսպանը

Երէկ Հայաստանի Ազային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան ընդունելով Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Սէյիտ Ալի Սաղայիանը բարձր գնահատած է երկու բարեկամ երկիրներու համագործակցութիւնը, տարուէ-տարի ընդլայնող տնտեսական կապերը։ Ան նաեւ Իրանի խորհրդարանի Հայաստանի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամները հրաւիրած է Հայաստան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ փոխադարձ այցելութիւններն ու պատամաւորներուն միջեւ ջերմ յարաբերութիւնները աւելի պիտի նպաստեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման։ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը իր եւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի շնորհաւորանքները փոխանցած է Ազգային ժողովի նախագահին՝ պաշտօնին համար ընտրուելուն առիթով, նաեւ փոխանցած է պաշտօնական այցելութեամբ Թեհրանի մէջ ըլլալու հրաւէր մը։ Ըստ անոր ՝ երկու խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւնները մեծապէս կը նպաստեն երկու երկիրներու կապերու ամրապնդումին։



ԵԱՀԿի Մինսկի Խումբի Համանախագահները Շուտով Կայցելեն Տարածաշրջան։

Պաքու- Յառաջիկայ շաբաթ կը նախատեսուի ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներու այցելութիւնը տարածաշրջան, այսպէս յատնած է ֆրանսացի համանախաահ Պեռնար Ֆասիէ, յոյս յայտնելով, որ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարաւորման բանակցութիւնները կաշխուժանան։

Ֆասիէ յայտարարած է, թէ քանի որ ընտրութիւնները վերջացած են կարելի է շարունակել աշխատանքը բոլորին հետաքրքրող կէտերու վրայ, ան նաեւ ըսած է որ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպման գաղափարը, որ նախորդ օրը հնչեցուցած էր Երեւանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւը, շատ հետաքրքրական գաղափար է, սակայն պէտք է ամէն ինչ քննարկել։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ համանախագահներու հաւանական մօտալուտ այցելութեան մասին տեղեկութիւնը տակաւին չէ հաստատուած ։





Կառավարութիւնը Ձեռք Կերկարէ Մեղրիի Գիւղացիներուն

Երեւան, Արմէնփրէս- Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան նիստ, զոր վարեց Հայաստանի վարչապետը Տիգրան Սարգսեան։

Օժանդակելու համար Մեղրիի շրջանի գիւղացիներուն, կառավարութիւնը որոշած է իր պահուստային հիմնադրամէն 13 միլիոն դրամ յատկացնել այդ շրջանին մէջ ոռոգման ջուրի դիմաց գանձուող վարձավճարներուն առնչութեամբ 50 տոկոս զեղչ կիրառելու նպատակին։

Դարձեալ պահուստային իր հիմնադրամէն, գործադիր իշխանութիւնը 72 միլիոն դրամ յատկացուցած է Սփիւռքի նախարարութեան՝ այս վերջինին բնականոն գործունէութիւն ապահովելու նպատակով, նաեւ 233 միլիոն դրամ՝ դատարաններու վարչական շէնքերու կառուցման, շինարարական եւ վերանորոգման աշխատանքներու համար։

Կառավարութիւնը նաեւ որոշած է մէկ կրթահամալիրի մէջ միաւորել Երեւանի՝ լսողութեան խանգարումներ ունեցող երեխաներու յատուկ երկու դպրոցները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.