2008-10-24 15:24:19

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն


Տնտեսական Տագնապին Նուիրուած Միջազային Գերաստիճան՝ Ուաշինկթընի Մէջ: Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ որոշուած է համաշխարհային տնտեսական տագնապին նուիրուած միջազգային գերաստիճանը կայացնել Ուաշինկթընի մէջ, Նոյեմբեր 15ին, այսինքն Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն 11 օր ետք։Գերաստիճանին նպատակն է համաձայնութիւն գոյացնել տնտեսական տագնապին դէմ դնելու քայլերուն եւ սկզբունքներուն շուրջ։ Ճափոնի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Քանատայի, Միացեալ Նահաններու, Եւրոպական միութեան, Չինաստանի, Պրազիլի, Հնդկաստանի, Ռուսիոյ, Հարաւային Քորէայի եւ շարք մը այլ երկիրներու եւ կազմակերպութեանց ղեկավարներ պիտի մասնակցին խորհրդակցութեանց։ Հաւանական կը նկատուի, որ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահը եւս ներկայ ըլլայ։



Սոլանա Դամասկոսի մէջ կ՝ողջունէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը ։

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութեանց պետ Խաւիէ Սոլանա երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհի եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ։

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները։

Հանդիպումներէն ետք Սոլանա ողջունեց լիբանանեան - սուրիական երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ այդ քայլը նկատեց շատ կարեւոր։

Սոլանա մաղթեց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւնը ըլլայ այն ոճը, որուն հիման վրայ պէտք է գործեն երկու երկիրները։

Սոլանա ակնարկեց նաեւ համաշխարհային ելեւմտական տագնապին եւ նախագահ Ասատի ներկայացուց Եւրոպական Միութեան կողմէ որդեգրուած քայլերը՝ այդ տագնապը դիմագրաւելու համար ան աւելցուց, որ մօտիկ ապագային Եւրոպա պիտի գումարէ խորհրդաժողով մը՝ այդ տագնապը լուծել կարենալու յաւելեալ միջոցներ որդեգրելու համար։



Ամերիկեան հրթիռային հարուած մը 9 զոհ կը պատճառէ։

Փաքիստանեան գաղտնի սպասարկութեանց պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ երէկ հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի մէջ Թալեպան շարժումին կապուած դպրոցի մը դէմ ամերիկեան հրթիռային հարուած մը ինը զոհ պատճառած է։

Դպրոցը կը պատկանի թալեպանամէտ կրօնաւորի մը, որ առնչուած է թալեպան վեթերան հրամանատար Ժալալուտտին Հաքքանիի, որ Միացեալ Նահաններու աւագ թշնամիներէն մէկը կը նկատուի։



Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ շուրջ լարուածութիւնը կը բարձրանայ։

Հինգշաբթի օրը, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ շուրջ լարուածութիւնը մագլցում արձանագրեց, երբ Թիֆլիս Ռուսիան ամբաստանեց Հարաւային Օսեթիոյ մէջ զօրք կուտակելու, իսկ Աբխազիա Վրաստանը ամբաստանեց աբխազ բարձրաստիճան զինուորական մը սպաննելու համար։

Ռուսիա հերքեց Հարաւային Օսեթիոյ մէջ իր զօրքերը կուտակելու լուրը եւ Վրաստանը ամբաստանեց Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ շրջաններուն շուրջ մասնայատուկ ուժեր տեղակայելով զինադուլի համաձայնութիւնը խախտելու համար։

Դէպքերը եկան ընդգծելու այն իրողութիւնը, որ օգոստոսին հինգ օր տեւած պատերազմէն եւ զինադուլի համաձայնութենէն ետք լարուածութիւնը կը մնայ բարձր։



Սէուտական Արաբիոյ մէջ 991 զինեալներ դատավճիռներ ստացած են։

Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս յայտնեց, որ սէուտական իշխանութիւնները թագաւորութեան մէջ անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու մասնակցելու համար ամբաստանուած 991 զինեալներու դէմ ամբաստանագիրներ արձակած են։ Յարուցուած դատական հարցերը ահաբեկչութեան դէմ Սէուտական Արաբիոյ պայքարին մէջ նկատառելի քայլեր են։ Իշխանութիւնները կը դժկամէին կատարել ահաբեկչութեան ամբաստանութեամբ դատավարութիւններ, որոնց աւարտը կրնայ մահապատիժը ըլլալ, նախքան հանրութեան ցոյց տալը, թէ խնդրոյ առարկայ անձերուն զղջումի առիթ տուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.