2008-10-23 13:00:28

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի ՙ ՙՀիմնադիրներու Օրուան՚ ՚ ձեռնարկը


Վերջերս Պէյրութի մէջ կայացաւ Հայկազեան համալսարանի ՙ ՙՀիմնադիրներու Օրուան ձեռնարկը որուն ընթացքին մեծարուեցաւ օրուան հիւր դասախօսը՝ Լիբանանի մշակոյթի նախարարը Թամմամ Սալամ ընկերութեան բարգաւաճման ի նպաստ տարած իր աշխատանքներուն համար։ Ձեռնարկին ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, խորհուրդի անդամներ, ուսուցչակազմ , աշխատակազմը եւ ուսանողներ։ Յայտագիրը կը բովանդակէր դասախօսութիւն, նաեւ գեղարուեստական բաժին. եւ անդրադարձ կատարուեցաւ գործադրուած աշխատանքներուն, համալսարանի անցած ուղիին եւ անոր հիմնադիրներուն՝ Փաուըր Փոյնթի ներկայացումով ։ Նաեւ ներկայացուեցաւ ապագայի ծրագիրները ։ Ըստ աւանդութեան աշակերտական կեանքի տնօրէնը ներկայացուց 2008 տարուան աշակերտը Անդրանիկ Քեչեճեանը։ Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ՝ վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան ։ Վերապատուելին ընդգծեց Հայկազեան համալսարանի երկու հիմնական յատկանիշները. անոր ոչ շահութաբեր հաստատութիւն ըլլալը եւ միջմշակութային երեւոյթը։ Բեմ հրաւիրուեցաւ Օրուան մեծարեալը՝ Լիբանանի Մշակոյթի նախարարը որուն յանձնուեցաւ յուշանուէրը, որմէ ետք ան խօսք առնելով յայտնեց իր հպարտութիւնը ու երախտագիտութիւնը Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտ ըլլալուն համար։ Ան նաեւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց օգնելու՝ թէ Հայկազեան համալսաարանին եւ թէ այլ համալսարաններուն։ Հայկազեան համալսարանի քայլերգով վերջ գտաւ ՙՀիմնադիրներու Օրուան՚ ՚ հանդիսութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.