2008-10-23 13:14:30

Մոսկուայի համայն Ռուսիոյ պատրիարքը դրական համագործակցութիւն կը բաղձայ հաստատել Հռոմի եկեղեցւոյ հետ։


Մոսկուայի համայն Ռուսիոյ պատրիարքը դրական համագործակցութիւն կը բաղձայ հաստատել Հռոմի եկեղեցւոյ հետ։

Պատասխանելով Պենետիկտոս ԺԶ պապի մէկ նամակին, որ Նափոլի թեմի առաջնորդը կարտինալ Սեփէ հեկտեմբեր մէկին յանձնած էր Մոսկուայի համայն Ռուսիոյ պատրիարքին, Ալեքսիս Բ հայրապետը իր նամակին մէջ իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ ի տես երկու եկեղեցիներու դրական համագործակցութեան եւ բարի կապերու ամրապնդումի աճող հեռանկարներու։ Ռուսիոյ պատրիարքը նաեւ կ`ողջունէ երկու եկեղեցիներու միատեղ արմատները ու տեսութիւններու զուգադիմութիւնը շատ մը հարցերու շուրջ որ ներկայիս կը խռովեն աշխարհը։ Ռուսիոյ հայրապետը իր նամակին մէջ նաեւ կը շեշտէ կարեւորութիւնը գերազանցելու ներկայի եւ անցեալի անհամաձայնութիւնները լաւագոյնս հռչակելու համայն աշխարհի քրիստոնէութեան յաւիտենական արժէքները։

????????? ?????? ??????? ????????? ?????? ????????????????? ?? ?????? ???????? ????? ????????? ???:







All the contents on this site are copyrighted ©.