Հ Հ արտաքին գործոց նախարար Է Նալպանտեանի աշխատանքային այցը Ալպանիա
Հ Հ արտաքին գործոց նախարար Է Նալպանտեան որ աշխատանքային այց կը կատարէ Ալպանիա այսօր
Թիրանայի մէջ կը մասնակցի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ
երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 19-րդ հանդիպումին եւ հանդէս պիտի
գայ ելոյթով մը։ Սոյն նիստին ընթացքին Հայաստան պիտի ստանձնէ կազմակերպութեան նախագահութիւնը։