2008-10-22 13:15:13

Ցեղասպանութեան Հարցը Կը Քննուի Աւստրալիոյ Մէջ


ՔԱՆՊԵՐԱ- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին, Աւստրալիոյ դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ճօ Հաքի խորհրդարանին առջեւ ելոյթ մը ունենալով՝ քննադատած է Աւստրալիոյ հանրային ձայնասփիւռի կայանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան կցուող կարծեցեալ պիտակին գործածութիւնը, միաժամանակ կոչ ընելով կառավարութեան եւ խորհրդարանին, որ պաշտօնապէս ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութան իրողութիւնը։ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վարանդ Մկրտիչեան ողջունեց խորհրդարանական Ճօ Հաքիի այս քայլը, աւելցնելով, թէ աւելի քան հազար բողոքագիրներ յղուած են ձայնասփիւռի կայանին, որ Հայաստանի մասին Սեպտեմբերին սփռուած յայտագրի մը ընթացքին կասկածի տակ առած էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։

Ջաւախքի հայկական դպրոցները վրացատառ դասաիրքեր կը գործածեն

Վրացական կառավարութեան որոշումով, Ջաւախքի հայկական դպրոցները միայն վրացալեզու դասագիրքեր պիտի օգտաործեն։ Ըստ Ա-ինֆօ գործակալութեան, կատարուածը կրկին կը վկայէ վրացական համաձուլման թաքնուած քաղաքականութեան կիրառման մասին, երբ արտաքնապէս, կարծես, թէ հայերէնի նկատմամբ ոտնձգութիւններ չեն կատարուիր, բայց իրականին մէջ, ամէն միջոց կը գործադրուի՝ այդ նպատակի իրագործման համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.