2008-10-22 13:31:05

Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը Պօղոս առաքեալը նիւթին մասին, պօղոսեան յոբելեան տարւոյն առթիւ։


Չորեքշաբթի 22 հոկտեմբեր 2008Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը հրապարակային ուկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի շուրջ 20.000 ուխտաւորներու սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ։ Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Ս. Պօղոս առաքեալի մասին, պօղոսեան յոբելեան տարւոյն առթիւ, այսօր նորին սրբութիւնը խօսեցաւ ՙ ՙՊօղոս առաքեալի ուսուցումը Յարուցեալ Քրիստոսի կեդրոնականութիւնը փրկչագործութեան խորհուրդին մէջ՚ ՚ նիւթին մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Այսօրուայ մեր խորհրդածութիւնը պիտի կեդրոնանայ Պօղոս առաքեալի ուսուցումը Յարուցեալ Քրիստոսի կեդրոնականութիւնը փրկչագործութեան խորհուրդին մէջ նիւթին վրայ։ Պօղոսեան քրիստոսաբանութեան էական յատկանիշն է Յիսուսի մահուան ու յարութեան քարոզութիւնը, գագաթնակէտը Անոր երկրաւոր գոյութեան ու արմատը եւ ծաւալումը քրիստոնէական աստուածաբանութեան։ Պօղոսի համար փրկչական կատարեալ ինքնութիւն մը կայ Անով որ յաւիտենականապէս կ`ապրի փառքի մէջ ու երկրաւոր Յիսուսի միջեւ։ Առաքեալը կը մտածէ Խաչեցեալ-Յարուցեալ ծածուկ խորհուրդի մասին, եւ չարչարանքի միջոցաւ, որ Քրիստոս փորձարկեց իր մարդկութեամբ, կը վերանայ յաւիտենական գոյութեան, որով կը նոյնանայ Հօրը մէջ։ Լաւ իմանալու համար Պօղոս առաքեալի միտքը Քրիստոսի նախագոյութեան ու մարդեղութեան նիւթին մասին, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ պապը, հարկ է վերադառնալ Հին Կտակարանի որոշ անցքերուն, որոնք կը պանծացնեն աշխարհի ստեղծագործութեան նախագոյացող Իմաստութիւնը։ Փիլիպեցիներուն ուղղած թուղթին մէջ, Պօղոս առաքեալ կ`ապացուցանէ թէ Յիսուսի խոնարհեցումը չի նշանակեր աստուածութենէն հեռացում, անիկա զինք արդէն կը յատկացնէր, այլ Յիսուս ինքն իր վրան առաւ այն ինչ որ չունէր, Ան ծառայի կերպարանք առաւ։ Նոյնպէս Կողոսացիներու թուղթին մէջ, Պօղոս, Քրիստոսը կ`որակէ որպէս անդրանիկը բոլոր արարածներուն, այսպէս ի յայտ դնելով անոր գլխաւորութիւնը ամէն բանի վրայ։


Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Հռոմի ուխտագնացութիւնը առիթ ըլլայ խորացնելու Հեթանոսներու Առաքեալի ուսուցումը, որ կը հրաւիրէ մեզ միշտատեւ խորացնելու մեր ճանաչումը ու սէրը հանդէպ Քրիստոսի։ Թող Տէրը օրհնէ՚ ձեզ։
Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը , Սրբազան Հայրը խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ հոկտեմբեր ամիսը կը հրաւիրէ մեզ գործօն համագործակցութիւնը բերելու եկեղեցւոյ առաքելութեան։
Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու տէրունական աղօթքը` Հայր մերը,
Իսկ այժմ լսելի կ`ընենք սրբազան քահայանապետին տուած օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.