2008-10-22 13:41:11

ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ


Ազդակ՚ - Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ երեքշաբթի օր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին իր անդամակցութեան ժամանակաշրջանին ջանք պիտի թափէ լուծելու շրջանին մէջ բոլոր հարցերը, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Թուրքիա ուրբաթ օր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին 192 քուէներէն 151 քուէ ապահովելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2009-2010 տարեշրջանին համար անդամ դարձաւ։ Անոր նստաշրջանը կը սկսի 1 յունուար 2009-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.