2006-05-02 13:45:13

Պենետիքդոս 16 քահայանապետին ուխտանացութիւնը  Տիվինօ Ամորէ մարեմեան ուխտավայրին։


Երկուշաբթի, մէկ մայիս , Պենետիքդոս 16 քահայանապետը ուխտանացութիւն կատարեց Տիվինօ Ամորէ կոչուած մարեմեան ուխտավայր որ կը տնուի Հռոմի արեւմուտքը։

Ասիկա եկրորդ անամն է որ Սրբազան Հայրը ուխտանացութիւն կը կատարէ մարեմեան սրբավայր մը իր թեմէն ներս։

Այս ուխտանացութեամբ նորին սրբութիւնը բացումը կը կատարէ մայիս ամսուայ մարմեան ամսոյն։

Նորին սրբութիւնը, երեկոյեան ժամը 5ին, ինքնաթիռով մեկնեցաւ Տիվինօ Ամորէ, ուր զինք կը սպասէր կարտինալ Ռուինի՝ տեղապահը Հռոմի թեմին։

Նորին սրբութիւնը նախ լխաւորեց ս վարդարանի մարեմեան աղօթքը ապա խօսք մը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն։ Աշխարհը պէտք է դարձի այ եւ ապաշխարհէ որպէսզի ազատի պատերազմէն եւ ահափեկչութենէն, ըսաւ Պենետիքդոս 16 պապը։ Ան Ս Կոյս Մարիամին յանձնեց իտալացի երեք զինւորները որոնք վերջերս Իրաքի մէջ սպաննուեցան։ Սրբազան հայրը նաեւ վերակոչեց ողբացեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահայանապետին այցելութիւնը սրբավայրին ճիշտ 27 տարի առաջ, մէկ մայիս 1979ին։

Իր քարոզին աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները եղբայրսիրութիւնը ործադրել եւ ցոլացնել Աստուծոյ լոյսը աշխարհին մէջ։

Նշենք թէ Տիվինօ Ամորէ մարեմեան ուխտավայրը հիմնուած է 1745ին։ Կը պատմուի թէ 1740ին հովիւ մը մինչ տուն կը վերադառանար վրան կը յարձակին կատղած շուներ ։ Ան սարսափած ակնարկը կ՝ուղղէ աշտարակի վրայ բարձրացած ս Կոյս Մարիամի սրբանկարին վրայ բացականչելով

Տիրամայր թայ իմ վրաս ու շուները անմիջապէս կը հեռանան։

Այդ թուականէն սկսեալ այս վայրը կը դառնայ հռոմէացիներու ուխտավայրը։ Հաւատացեալները  դարերու հոլովոյթին միշտ եկած են  հայցելով Տիրամօր օնութիւնը, բարեխօսութիւնը եւ միջամտութիւնը

Պիոս 12րդ քահայանապետը, Հռոմի ռմբակոծումէն ետք յուլիս 1943ին նոր սրբավայր մը շինել տուաւ։ ՅՊԲ պապը  4 յուլիս 1999ին բացումը կատարեց նոր սրբավայրին։ Ներկայ սրբավայրը ունի ուխտաւորներու համար օթեւան, նորընծայարան, երիտասարդներու համար մարզական կեդրոն եւ աղօթատեղի մը նուիրուած Ղուկաս աւետարանիչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.