2018-05-02 11:31:00

Սուրբ Աթոռի յայտարարութիւնը Կարդինալ Ճորճ Փելին դէմ բացուած դատական հարցին մասին:


Երեքշաբթի, 1 մայիս 2018ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Կրէկ Պուրք հրապարակեց յայտարարութիւն մը, հայող Աւստրալիոյ մէջ սեռային բռնութիւններու յանցանքով մեղադրուած  կարդինալ Փելի դէմ բացուած դատական հարցին մասին: 

Յայտարարութեան մէջ նշուած է.

Սուրբ Աթոռը հաշուի կ՝առնէ Աւստրալիայի դատական իշխանութեան որդեգրած որոշումը, Հայող կարդինալ Ճորճ Փելին: Անցեալ տարի Սրբազան քահանայապետը կարդինալին թոյլատրեց հանգստեան ժամանակամիջոց մը՝ ինքզինք  պաշտպանելու համար յարուցուած մեղադրանքներէն,  սոյն դրութիւնը տակաւին ի զօրու է : Գրուած է Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.