Իրաւունքի ուժով գումարուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստին Ազգային ժողովը դէմ քուէարկեց
Նիկոլ Փաշինեանին՝ որպէս վարչապետի թեկնածու՝ 45 կողմ, 56 դէմ քուէարկութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեանին դէմ քուէարկեց ՀՀԿ խմբակցութիւնը, կողմ՝ ՀՅԴ-ն եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնները:
Նիկոլ Փաշինեան Ընդհանուր Գործադուլի Կոչ Կ՛ուղղէ
Ժողովրդային շարժման ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի քուէարկութենէն ետք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ զինք սպասող բազմահազար զօրակցողներուն միանալով՝ յայտարարեց, որ ի վերջոյ ժողովրդական յեղափոխութիւնը իր յաղթական աւարտին պիտի հասնի:
Փաշինեան ընդհանուր գործադուլի ու դասադուլի կոչ ուղղեց: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ ժողովուրդը պիտի շրջափակէ պետական շէնքերը՝ անդամալուծելով կառավարութեան գործունէութիւնը: Փաշինեան նաեւ յայտարարեց, որ ցուցարարները պիտի փակեն օդակայանը
All the contents on this site are copyrighted ©. |