2018-05-01 08:00:00

Մայիս Մէկ. Աշխատանքի եւ աշխատաւորի պաշտպանութեան միջազգային Օր։


Աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, այսօր կը նշուի Աշխատանքի օրը: Հայաստանի մէջ Մայիս 1-ը պաշտօնապէս յայտարարուած է ոչ աշխատանքային:

Մայիս 1-ը իբրեւ աշխատանքի եւ աշխատաւորներու միջազգային տօն առաջին անգամ նշուած է 1890-ին Աւստրո-հունգարիոյ, Պելճիքայի, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Սպանիոյ, Նորվեգիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:

1884-ին ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի մէջ կազմակերպուած են ցոյցեր` ի պաշտպանութիւն ութժամեայ աշխատանքային օրուան:

1886-ին ամերիկացի աշխատաւորները ցոյց կազմակերպած են` աշխատանքային ժամերը 8 դարձնելու պահանջով: Շիքակոյի մէջ ցոյցը ցրուելու հետեւանքով մահացած էր 8 ոստիկան եւ 4 ցուցարար, տասնեակ մարդիկ տուժած էին:  1889-ին Երկրորդ միջազգային փարիզեան համաժողովը, ի յիշատակ Շիքակոյի դէպքերու, կ՛որոշէ  Մայիս 1-ին ամենամեայ ցոյցեր իրականացնել:  Սակայն առաջին անգամ անիկա նշուած է միայն 1890-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.