2018-04-30 09:33:00

Պոլսոյ Հայկական եկեղեցիներէն մէկուն պարիսպին վրայ ազգայնական գրութիւն գրած են


Պոլսոյ ասիական հատուածին վրայ գտնուող Քատըքէոյ շրջանի հայկական Սուրբ Թագաւոր եկեղեցին անցեալ գիշեր յարձակման ենթարկուած է անյայտ անձերու կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով Պոլսոյ իր աղբիւրը։

«Էրզրումցի 25» անունով գրութիւնը ձգած անձը՝ եկեղեցւոյ պարիսպին վրայ թրքերէնով գրած է․ «Այս հայրենիքը մերն է»։

Անյայտ անձերու խումբը նաեւ մեծ քանակով աղբ լեցուցած է եկեղեցւոյ բակը՝ փակելով անոր մուտքը։

Քատըքէոյի տեղական ինքնակառավարման մարմինը, ոստիկանութիւնը կամ հայկական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները դէպքին առիթով յայտարարութեամբ հանդէս չեն եկած տակաւին։








All the contents on this site are copyrighted ©.