2018-04-30 09:28:00

Հոգեհանգստեան պատարագ նուիրուած Հայր Եղիշէ վրդ. Ճանճիի անմահ յիշատակին։


(Վատիկան Նիուզ) Կիրակի 29 ապրիլ 2018-ին, աշխարհի զանազան քաղաքներու հայ կաթողիկէ եկեղեցիներէն ներս կիրակնօրեայ սրբազան արարողութիւնները մատուցուեցան ի հոգւոյն հանգստեան գերապատիւ Հայր Եղիշէ Էլիաս Ճանճիի, որ անցեալ 23 ապրիլ 2018-ի առաւօտեան կանուխ, ինքնաշարժի ահաւոր արկածի մը հետեւանքով  իր հոգին աւանդեց առ Հայր։

Հայր Ճանճի 33 տարեկան էր ու կը պատկանէր Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի կղերին ուր նաեւ կը մատուցեր քահանայական իր ծառայութիւնը։ Ան ծնած էր 1985 թուականին, սկզբնական ուսումները  ստացած է իր ծննդավայր Հալէպի մէջ ապա յաճախած է Հալէպի Սուրբ Վարդան փոքր նորընծայարան որմէ ետք 2003-ին մեկնած է Լիբանան Զմմառու Վանք ու յաճախած է Լիբանանի Պօղոսեան համալսարանի  Իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական մասնաճիւղերը մինչեւ 2008 թուական, որմէ ետք փոխադրուած է Հռոմ՝ Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան ուր շարունակած է Աստուածաբանական ուսումները, յաճախելով Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանը մինչեւ 2010 թուական։ Նոյն թուականին ձեռնադրուած է Քահանայ՝ ձեռամբ Արհ. Պետրոս Արք Միրիաթեանին, Հալէպի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։

Կիրակի 29 ապրիլին  Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ եւս սուրբ պատարագը նուիրուեցաւ  ի յիշատակ Գեր. Հ Եղիշէ Վ. Ճենճիի։

Արարողութեան՝ զոր նախագահեց Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւորը Գերյ Նարեկ Նամոյեան, ներկայ էին, վարժարանիս սաները, հանգուցեալին երբեմնի դասընկերներէն ոմանք, ՀՀ Իտալիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչներ, Անարատ Յղութեան Հայ Քորերու միաբանութեան անդամներ, Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմի անդամները, ու Հռոմաբնակ հայորդիներ։

Այս առթիւ հայերէն եւ իտալերէն լեզուներով արտասանած իր քարոզին մէջ պատարագիչ գերյարգելին ներկայացուց Հայր Եղիշէի հակիրճ կենսագրականը, նշելով անոր դէպի քահանայութիւն տանող կազմաւորումի շրջանները ու Քահանայական ձեռնադրութենէն ետք անոր անխոնջ նուիրումն ու աշխատանքը ի սպաս Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին եւ ի Փառս Աստուծոյ։

«Մեզմէ շատեր հարց կու տան թէ ինչու 33 ամեայ քահանայ մը այսպիսի վախճան ունեցաւ» ըսաւ Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւորը չկարողանալով իր յուզմունքը զսպել, ապա այդ հարցումին որպէս պատասխան հրաւիրեց դիմել մեր հաւատքին, Աստուծոյ կամքին, ընդգծելով թէ հակառակ իր երիտասարդ հասակին՝ Հայր Եղիշէն ապրեցաւ որպէս լիիրաւ Աստուծոյ ծառայ, իրեն շնորհուած «քանքարները», տաղանդն ու շնորհքները,  օգտագործելով ի նպաստ համայն հասարակութեան ու եկեղեցւոյ բարիքին»։

Գերյարգելի Նամոյեան ապա հրաւիրեց բոլոր ներկաները իրենց աղօթքները նուիրելու Աստուծոյ՝ որպէսզի իր այդ խոնարհ ծառան արժանացնէ յաւիտենական կեանքին։

Սուրբ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան կարգ որուն մասնակցեցան Հայր Եղիշէ Ճանճէի երբեմնի համալսարանական քահանայ դասընկերները որոնք արաբերէն լեզուով ալ աղօթք բարձրացուցին առ գթասիրտ ու ողորմած Աստուած՝ հանգուցեալ երիտասարդ վարդապետի հոգւոյն հանգստեան համար։

Յուզիչ արարողութիւնը վերջ գտաւ «Տէր ողորմեա» շարականով որմէ ետք Մեծաւոր Հայրը ցաւակցութիւնները ընդունեց Քահանայապետական Վարժարանի ներքին սրահին մէջ։ 

Յիշատակն արդարոյն, Օրհնութեամբ եղիցի:








All the contents on this site are copyrighted ©.