2018-04-28 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի կազմակերպած գիտաժողովի մասնակիցներուն


(Վատիկան Նիուզ) Շաբաթ, 28 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած  «Վերականգնողական բժշկութիւն» նիւթով միջազգային գիտաժողովի աւելի քան 700 մասնակիցները: Այս առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը Սրբազան  հայր իր ուրախութիւնը յայտնեց  ըսելով.

«Երբ կը տեսնեմ զանազան մշակոյթներու, ընկերութիւններու եւ կրօններու ներկայացուցիչներ որ միատեղ կը հաւաքեն իրենց ուժերը, ձեռնարկելով մտածումի  եւ յանձնառումի հասարակաց ուղի մը՝ ի նպաստ տառապող անձին, կ՝ուրախանամ, որովհետեւ  մարդկային անձը հանդիպումի մեկնակէտ է ինչպէս նաեւ միութեան վայր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով «մարդկային տառապանքին դիմաց անհրաժեշտ է գիտնալ ստեղծել հաստատութիւններուն եւ անձերուն միջեւ ուժերումիատեղում՝ նաեւ նախապաշարումներու վերացումով,  նպաստելու համար  հիւանդ անձին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն հաստատութիւններուն որոնք  նպաստեցին քահանայապետական մշակոյթին վերոնշեալ  գիտաժողովին իրականացման, յատուկէն Սուրբ Աթոռի զանազան ժողովներուն, որոնց շարքին քահանայապետական գիտութիւններու կաճառը եւ հաղորդամիջոցներու քարտուղարութիւնը, Ան ապա չորս բայերով  անդրադարձաւ  գիտաժողովի գործընթացին   «կանխարգիլել, նորոգել, խնամել եւ ապագան պատրաստել»

Խօսելով կանխարգիլումի մասին նշեց թէ կանխարգիլել  կը նշանակէ հեռատես հայեացքով նայիլ մարդ էակին եւ անոր  ապրած միջավայրին : կը նշանակէ մտածել հաւասարակշիռ մշակոյթի մը մասին  որուն բոլոր էական տարրերը, կրթութիւն , մարմնակրթութիւն, բնապահպանութիւն,  առողջապահութեան կարգապահութիւնը կրնան մեզի օգնել աւելի լաւ ապրելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով ապա մանուկներուն ու երիտասարդներուն որոնք միշտ աւելիով թիրախ են հիւանդութիւններու որոնք կը յառաջանան  արդի քաղաքակրթութեան  հիմնական փոփոխութիւններու բերումով, թուեց անոնցմէ մի քանիները՝ ծխախոտը, ալքոլը,  օթի եւ ջուրի մէջ տարածուած թոյները… անհրաժեշտ  նկատելով  համամարդկային յանձնառում որ կը պահանջէ ըսաւ Ան իւրաքանչիւրիս ներդրումը այս ուղղութեամբ ընդգծելով «կանխարգիլումի մշակոյթի»  հանդէպ  յաւելեալ զգայնութեան  տարածումի անհրաժեշտութիւնը՝  որէպս առաջին քայլ  առողջութեան պահպանումին :

Ան  ապա գնահատեց գիտական հետազօտական  ջանքերը՝  բացայայտելու եւ տարածելու  համար նոր խնամական ձեւեր՝  յատկապէս հայող հազուագիւտ հիւանդութիւններուն:

Սրբազան Հայրը գնահատեց ապա վերակարուցողական բժշկութեան արձանգրած յաջողութիւնները, որոնք նոր հորիզոններ  բացին  գիտական  եւ մարդկային հետազօտութիւններու բնագաւառներէն ներս, հաստատելով թէ գիտութիւնը  զօրեղ միջոց  մըն  լաւ հասկնալու՝ ըլլայ մեզ շրջապատող բնութիւնը ըլլայ մարդկային առողջութիւնը՝ :

Ան ապա գիտական ճանաչողութեան ասպարէզէն ներս կարեւոր յամառեց  բարոյական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը մարդկութեան  եւ անոր  ապրած  միջավայրային նկատմամբ։ «Գիտութիւնը ինչպէս որեւէ մարդկային գործունէութիւն գիտակից է թէ ունի սահմաններ որոնք պէտք են յարգուիլ ի նպաստ նոյնինքն մարդկութեան բարիքին, ըսաւ Քահանյապետը շեշտը դնելով նաեւ բարոյական պատասխանատուութեան վրայ ապա մէջբերեց   երանելի Պօղոս Զ ի խօսքը  «Յառաջդիմութեան իսկական չափանիշը,  իւրաքանչիւր մարդու եւ համայն մարդուն բարիքին ձգտող չափանիշն է»։

«Եթէ կ՛ուզենք «ապագան պատրաստել իւրաքանչիւր մարդ  անհատի  բարիքը ապահովեցնելու համար, պէտք է գործենք աւելի մեծ զգայնութեամբ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ այս մէկը մեծ պատասխանտուութիւնն է հանդէպ միւս արարածներուն։ Ապագային մասին մտածել կը նշանակէ սկիզբ տալ ուղեւորութեան մը որ յատկանշուած է երկու ուղղութիւններով առաջինը խարխուած  միջ-կարգապահական բաց խորհրդածութեան մը վրայ որ կը ներգրաւէ բազմազան մասնագէտներ ու իշխանութիւններ ու թոյլ կու տայ գիտելիքներու փոխադարձ փոխանակումին իսկ երկրորդը հիմնուած տառապողին նկատմամբ շօշափելի արարքներու վրայ։ Այս երկու ուղղութիւնները կարօտը ունին ուժերու եւ միտքերու համախմբումին եւ ես ուրախ եմ որ այս գործընթացքը արդեն իրականացման ճանապարհի վրայ է այս ձեր գիտաժողովով ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու դարձեալ քաջալերեց բոլոր ներկաները վճռակամ շարունակելու իրենց ճանապարհը ապա բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնը խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրենց համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.