2018-04-28 09:39:00

Քրաքովիոյ մէջ երանելի կը հռչակուի աշխարհական քոյր Աննա Չրզանովսքա:


(Վատիկանի Նիուզ) Շաբաթ, 28 ապրիլ 2018-ին, Քրաքովիոյ մէջ երանելի կը հռչակուի Քոյր Աննա Չրզանովսքան: Երանացման արարողութեան կը նախագահէ   Սուրբերու դատի ժողովին կառավարիչը՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ:

Քոյր Հաննա Հելենա ծնած է Լեհաստանի Վարսավիա քաղաքին մէջ 7՝ հոկտեմբեր 1902-ին, Կաթողիկէ եւ Բողոքական ընտանիքի զաւակ:

Ռուսական յեղափոխութեան շրջանին ան խնամք տարած է վիրաւորուած զինուորներուն ապա  հասկնալով որ  իր կոչումը հիւանդապահուհի դառնալ է հետեւած է  հիւանդապահուհի դասընթացքներուն՝ մասնագիտանալով Ֆրանսայի մէջ:

1937-ին, Քոյր  Աննա,  Լեհաստանի մէջ իր նպաստը բերած է հիւանդապահներու ընկերակցութեան մը հիմնադրութեան:  Համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին  ան կազմակերպած է  նաեւ տնային հիւանդներու խնամակալութիւն,  օգտակար դառնալով հազարաւոր՝ գաղթականներուն:

Յայտնենք թէ Աննա Չրզանոսվքա  հիւանդներու տնային հոգատարութեան ծրագիրի նախաձեռնութեամբ,  սերտօրէն  աշխատակցած  է հայր Քարոլ Վոթիլայի հետ որ ապագային դարձաւ ՅՊԲ քահանայապետը, ապա Սուրբ :

Համաշխարհային Բ պատերազմի  աւարտին ան մատակարարած է փոքրիկ բուժարան մը, որուն մէջ ոչ միայն զբաղած է  տնտեսակաան հարցերով այլ մօտիկ գտնուած է հիւանդներուն անոնց խնամք տանելով:

Քոյր աննա  մահացած է 28 ապրիլ 1973-ին, քաղցկեղի հիւանդութեան պատճառաւ: Անոր երանացման դատը սկիզբ առած Քրաքովիոյ թեմին  մէջ 3 նոյեմբեր 1997-ին:

Մարտիրոսական առաքինութիւններու հրամանագիրը հրապարակուած  է 30  սեպտեմբեր 2015-ին: Ապա 7 յուլիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ վաւերացուած է Աստուծոյ աղախին Աննայի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքի վաւերականութեան հրամանագիրը, արտօնելով զայն երանելի հռչակել:








All the contents on this site are copyrighted ©.