2018-04-26 08:53:00

Փայլան կ՛արձագանգէ Ցեղասպանութեան գծով Էրտողանի ցաւակցական գիրին


ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Թերթ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով յատուկ կոչ յղած է Թուրքիոյ ժողովուրդին՝ յորդորելով առերեսուիլ անցեալին հետ եւ դէմ կանգնիլ ուրացման պաշտօնական քաղաքականութեան:

Ան գրած է. «Մեծ Եղեռնէն մինչեւ օրս անցած է 103 տարի, սակայն այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած եւ մարդկութեան դէմ կատարուած մեծագոյն յանցագործութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ դեռ չեն առերեսուած: Քանի որ այս յանցագործութեան հետ առերեսումը տեղի չէ ունեցած եւ անիկա անպատիժ մնացած է, այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած են նաեւ այլ եղեռնագործութիւններ: Որովհետեւ անպատիժ մնացած իւրաքանչիւր եղեռնագործութիւն պատճառ կը դառնայ նոր յանցագործութիւններու, մինչդեռ Ցեղասպանութեան հետ առերեսումը կրնայ նպաստել մեր երկրի հասարակական խաղաղութեան հաստատման:

Եկէ՛ք միասին դէմ կանգնինք ուրացման այս պաշտօնական քաղաքականութեան: Եկէ՛ք միասնաբար ջանք թափենք, որպէսզի իրականութիւնը բացայայտուի: Միասնաբար յիշատակենք այս հողերուն կորուստները, մե՛ր կորուստները: Նոյնիսկ եթէ մենք չենք կրնար բուժել այս վէրքը, եկէք գոնէ միասին սգանք»:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին, Փայլան խորհրդարանէն ներս ներկայացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւ մը:

Ակնարկելով Ցեղասպանութեան առիթով Էրտողանի յղած հերթական ցաւակցական գիրին՝ Փայլան ըսած է. «Յարգելի նախագահը արդէն իսկ 4րդ տարին է, որ ցաւակցական ուղերձ կը յղէ հայ ժողովուրդին: Իսկապէս շնորհակալ եմ անոր՝ այս բանին համար, ասիկա ցաւը մեղմացնող հանգամանք է. իրօ՛ք շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ. ատիկա քաջութիւն պահանջող քայլ է: Սակայն, այստեղ պարոն նախագահը տեղի ունեցածը իր անունով չի կոչեր: Հոն կ՛ըսուի՝ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի դժուարին ու բարդ պայմաններու մէջ մահացած Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի հայերու…»։ Սակայն, իմ մեծ հայրն ու մեծ մայրը պատերազմի պատճառով չէ՛ որ մահացած են, պարո՛ն նախագահ: Անոնք զինուորներ չէին։ Մնացած սպաննուածներն ալ արհեստաւոր էին, այգեգործներ, գիւղացիներ, ծերեր ու երեխաներ»:

Նշենք, որ Էրտողան իր նամակը հասցէագրած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին եւ՝ «իմ շատ թանկագին հայազգի քաղաքացիներ»ուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.