2018-04-26 08:44:00

Հռոմի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ տեղի ունեցաւ


Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ կազմակերպուած է Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 24-ին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը, ձեռնարկին մասնակցած է նաեւ Իտալիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեանը:

Մասնակիցները նախ ծաղիկներ դրած են եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայոց Եղեռնի զոհերու յիշատակին տեղադրուած հայկական խաչքարի մօտ, որմէ ետք Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է պատարագ:

«Հայ համայնքը այսօր հաւաքուած է մեր եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի ոգեկոչենք Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: 103 տարի անցած է հայերու բնաջնջման փորձէն, սակայն մենք շարունակած ենք ապրիլ ու արարել, պահպանել մեր հաւատքը, լեզուն եւ հայրենիքը, մեր մշակոյթն ու եկեղեցիները: Այսօրուան մարդոց ներկայութիւնը կը վկայէ այդ մասին»,- ըսած է Բաղդասարեան:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի հարիւրաւոր քաղաքներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկները վկայութիւնն են Անաթոլ Ֆրանսի կողմէ հնչեցուած մարգարէական խօսքերու իրաւացիութեան. այն է` «Հայաստանը կը մեռնի, բայց Հայաստանը պիտի վերածնուի նորէն: Ժողովուրդ մը, որ չի ցանկար մեռնիլ, չի մեռնիր»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.