2018-04-25 11:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի տես միջ-Քորէական գագաթնաժողովին


(Վատիկան Նիուզ) Չորեքշաբթի, 25 ապրիլ 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիկսոս Պապ կոչ ուղղեց ի տես յառաջիկայ 27 ապրիլ 2018-ին,  Քորէայի Փանմունժէոմ քաղաքին մէջ կայանալիք միջ-Քորէական գագաթնաժողովին:

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

Ուրբաթ, 27 ապրիլ 2018-ին, Փանմունժէոմ-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջ-քորէական գագաթնաժողով, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն  երկու Քորէաներուն ղեկավարները, Տիար Մուն Կէ եւ Տիար Քիմ Ճոնկը:

Այս հանդիպումը նպաստաւոր առիթ պիտի հանդիսանայ սկսելու համար թափանցիկ  երկխօսութիւն եւ շօշափելի համերաշխութեան ուղեւորութիւն ինչպէս նաեւ  վերայայտնուած եղբայրութիւն,  Քորէայի թերակղզիին եւ ամբողջ աշխարհի  մէջ  խաղաղութեան  ապահովման նպատակով, ըսաւ  ապա Ֆրանչիսկոս Պապ, Քորէայի ժողովուրդին ապահովուելով  իր անձնական աղօթքն  ու համայն եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը։  

«Սուրբ Աթոռը կ՝ընկերանայ , կ՝աջակցի եւ կը քաջալերէ ամէն շահաւէտ եւ հարազատ միջոցառում՝ կառուցելու համար լաւագոյն ապագայ մը ՝ ժողովուրդներու  միջեւ բարեկամութեան եւ հանդիպումի ի սպաս» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու Քորէայի քաղաքական անմիջական պատասխանատուութիւն ունեցող անձերէն խնդրեց որ  ունենան  յոյսի քաջութիւնը՝  դառնալով խաղութեան արհեստաւորներ  խրախուսելով զանոնք  վստահութեամբ յարատեւելու  իրենց ձեռնարկած ուղիին վրայ՝ բոլորի բարիքին համար:

Կոչին աւարտին- Ֆրանչիսկոս  Պապ  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթելու. «Ինչպէս Ասուած Հայր է  բոլորին եւ Հայր խաղաղութեան. Ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթելու մեր Հօր՝  Աստուծոյ, բոլորին Հայրը, Քորէայի ժողովուրդին համար, ըլլայ հարաւային  ըլլայ  հիւսիսային քորէաներու ժողովուրդներուն համար» ըսաւ Քահանայապետը:








All the contents on this site are copyrighted ©.