2018-04-25 14:05:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ամէնէն Կարճ Կամուրջը

Կամուրջներու դերակատարութիւնը մարդկային քաղաքակրթութեան վաղ ժամանակներէն սկսեալ կարեւոր եղած է: Երբեմն գետերու երկու ափերուն ապրած տարբեր ցեղախումբերու միջեւ կապ դարձած է այդ կամուրջը, կամ երբեմն վաճառականական ուղի ստեղծած է, աշխարհն ու մարդկութիւնը իրարու առնչելով: Նոյնիսկ ահեղավազ գետերու կամ լայնատարած լիճերու վրայէն նետուած կամարակապ հին կամուրջները իրենց ամրակուռ կառոյցով, կը պատմեն հին քաղաքակրթութեան ճարտարապետական ըմբռնումներու ու մանաւանդ փորձառութեան մասին՝ բնական աղէտները անվտանգ դիմակայելու մէջ անոնց ձեռք բերած յաջողութիւններու մեկնաբանութիւնը դառնալով:
Հին դարերէն մինչեւ այսօր կանգուն մնացած կամուրջներէն ոմանք ամէնէն աղէտալի երկրաշարժներու դիմացած են, մինչ աւելի նոր կառոյցներ՝ բնակարանային շէնքեր կամ աշխատանոցներ իրենց հիմէն կործանած: Շինանիւթերու տարբերութեան, թէ կառուցողներու մասնագիտութեան մէջ պէտք է փնտռել այս հարցումներուն պատասխանները, չենք գիտեր, սակայն երկու պարագաներուն ալ ներկայ ճարտարագիտական յառաջդիմութեան ու զարգացումներուն համար վարկաբեկիչ պիտի ըլլար թերեւս մեր գտած պատասխանները…
Պատմութեան ընթացքին, թէ՛ մեր կորուսեալ հայրենիքին՝ Արեւմտահայաստանի մէջ, թէ՛ ներկայի մեր հայրենիքի տարածքին, եւ թէ մանաւանդ արտասահմանեան հին գաղութներու մէջ հայերու կողմէ կառուցուած կամուրջներով կը փքացնենք մեր կուրծքը, հայու հպարտ արժանապատուութիւնը անգամ մը եւս սնուցանելով: Սպահանի հայերը մինչեւ այսօր իրենց քաղաքը այցելող հայ թէ օտար զբօսաշրջիկներուն մեծ հպարտութեամբ ցոյց կու տան, «Զայանտէ Ռուտ» կոչուող գետին վրայ նետուած 33 կամարներով «Սիոսէ Փօլ» (պարսկերէն՝ 33 կամարներ) անունով կամուրջը, որ կառուցուած է հայազգի Ալավերտի Խանին կողմէ: Ատիկա նաեւ զայն կառուցողին անունով կը կոչուի «Ալավերտի Խանի կամուրջ»:
Կամուրջը նիւթական իր իմաստէն բացի, նաեւ ունի աննիւթական՝ ոգեղէն իմաստ ու բացատրութիւն: Օրինակ՝ հոգիներու միջեւ հաստատուած կամուրջներ գոյութիւն ունին կամ սիրտէ սիրտ նետուած «ոսկեայ կամուրջներ»: Այս իմաստով ըմբռնուած ամէն տեսակի կամուրջ շինանիւթով չի՛ կառուցուիր, ո՛չ բանուորներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է, ո՛չ ալ ճարտարապետներու երկարաժամեայ յոգնութեան ու ծրագրումի հետեւանք: Անոր նիւթը անմեռ ոգին է, ծրագրողը՝ Աստուած, իսկ բանուորները՝ Անոր աննիւթեղէն ու անտեսանելի երկնային ձեռքերը: Սա այնքան զարմանալի է, որ երբեմն սովորական մարդիկը, նոյնիսկ անհաւատները կը հիացնէ, երբ մարդոց համար անկարելի թուացող միացումներ կը կատարուին, ուղղակի իրարու հակառակ երկու անձերու միջեւ: Այսինքն կամուրջներ կը նետուին նոյնիսկ այնպիսի մարդոց միջեւ, որոնց սրտերը հակառակ էին իրարու: Սա միայն ամուսնական կապերու իմաստով պէտք չէ՛ հասկնալ, այլ նաեւ անլուծելի թուացող հակառակութիւններու միջեւ գոյացած հաշտութեանց առումով: Այս իմաստով ահա կամուրջ բառը նաեւ իր ոգեղէն նշանակութիւնը կը ստանայ, դուրս գալով սոսկ գետերու վրայ կամ ճանապարհային խաչմերուկներու վերէն ձգուած անցքի միջոց ըլլալու առօրեայ գործածութեան սահմանուած իր ծառայութենէն:
Կամուրջներու երկարութեան կամ կարճութեան միջեւ արժէքային տարբերութիւն կայ բնականաբար:

Կեա՛նքն է ամէնէն կարճ կամուրջը, մահուան եւ յաւիտենութեան միջեւ: Հազիւ ծնած՝ արդէն վախճանին մօտեցած կ՛ըլլանք: Չափազանցութիւն չէ՛ այս արտայայտութիւնը բոլոր անոնց համար, որոնք ժամանակի վազքը կը զգան՝ դրական գործի ետեւէ երթալու գնահատելի իրենց ճիգին մէջ: Այլապէս, շատ մեծ չափազանցութիւն պիտի թուայ ասիկա անոնց համար, որոնք միայն բամբասանքով, սին հաճոյքներով ու հաւաքականութեան մէջ քանդարար դերակատարութեամբ իրենց օրերը զուր տեղ կը մաշեցնեն: Անոնք չեն զգար թէ կեանքը այդքան կարճ է: Մինչ դրական աշխատանքով զբաղած մարդոց համար նոյնիսկ մէկ կեանք գոհացուցիչ պիտի չըլլար:

Վերջապէս, ամէնէն կարճ կամուրջը երբեմն անակնկալօրէն փուլ կու գայ, երբ արկածներու կամ այլ միջադէպերու պատճառով անոր վրայ գտնուողն ալ խորտակուած կամուրջի աւերակներուն տակ մնայ: Ուրեմն, նոյնիսկ կարծուածէն աւելի՛ կարճ է այդ ամէնէն կարճ կամուրջը: Սթափելու համար աւելի ուժեղ կոչի կարիք ունի՞ս…








All the contents on this site are copyrighted ©.