2018-04-24 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 ապրիլի քարոզը «Եկեղեցին ընտրեալներու փակ խումբ մը չէ»


(Վատիկան Նիուզ) Երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ մատուցեց Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին ներկայացուցած քարոզին առանցքը եղաւ Եկեղեցին, յայտնելով որ « եկեղեցին միշտ շարժումի մէջ գտնուած  է եւ գիտէ միշտ իրմէ անդին երթալ, դիտել տալով որ Եկեղեցին  ընտրեալներու  փակ խումբ  մը չէ այլ միսիոնարական է եւ  որուն հաւասարակշռութիւնը կը կայանայ միշտ  շարժումին մէջ ըլլալու մէջ ՝ Հաւատարիմ գտնուելով Սուրբ Հոգիին:

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ  եկեղեցւոյ հաւասարակշռութեան զայն նմանեցնելով հեծանիւի մը,  որ կայուն վիճակի մէջ է  երբ  շարժումի մէջ կը գտնուի  իսկ՝ անկայուն է երբ անշարժ կը մնայ։ Ակնարկելով ապա Սուրբ Յովհաննէս աւետարանիչէն քաղուած Սուրբ Գրային ընթերցումին, ուր կը խօսուի օրէնսգէտներու մասին, Քահանայապետը ընդգծեց օրէնսգէտներուն նեղմտութիւնը ու անոնց որդեգրած խիստ կեցուածքը, որոնք լոկ իրենց անձերը կեդրոն կը համարեն,  անզգայ մնալով նորութիւններու դիմաց եւ ընդդիմացող Սուրբ Հոգիին ներգործութեան: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ  Սուրբ հոգիին դէմ միշտ դիմադրութիւններ տեղի պիտի ունենան եւ անոնք պիտի տեւեն  մինչեւ աշխարհիս վերջը:  Ան ապա Տիրոջմէ հայցեց որ մեզի շնորհէ  դիմադրութեան շնորհքը՝  դիմադրելու համար այն բոլոր իրողութիւնները որոնք կու  գան սատանայէն , այն իրողութիւնները որոնք մեզմէ կը խլեն ազատութիւնը, որպէսզի կարենանք գիտնալ բացուիլ այն ազատութեան, որ լոկ Աստուծմէ կու գայ, Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ կու գայ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ Աստուծմէ խնդրեց որ մեզի շնորհէ նաեւ զատորոշելու շնորհքը՝ զատորոշելու  համար ժամանակուան նշանները, որպէսզի կարենանք այդ պահուն պատշաճ որոշում գոյացնել։








All the contents on this site are copyrighted ©.