2018-04-24 11:04:00

Վատիկան Նիուզ կայքէջը անդրադարձաւ Հայոց Եղեռնի յիշատակի օրուան մասին։


(Վատիկան Նիուզ) 24 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի հաղորդակցութեան քարտուղարութեան պաշտօնական կայքէջը՝ Վատիկան նիուզը, յատուկ անդրադարձ կատարեց ՝ 24 ապրիլի Հայոց Մեծ Եղեռնի  յիշատակութեան օրուան մասին, հրապարակելով Մեծ Եղեռնի հայող նկարները ու հակիրճ տեղեկագրական մը ուր գրուած է.

«Այսօր՝  կը  յիշատակուի  Մեծ Եղեռնի 103րդ տարեդարձը, որ պատճառեց մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհեր եւ որուն պատճառաւ ստեղծուեցաւ հայկական սփիւռքը։  24 ապրիլ 1915-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, այդ ժամանակուայ թուրք կառավարութիւնը, ձերբակալեց ապա սպանեց այդ հինաւուրց քրիստոնեայ փոքրամաս հասարակութեան աւելի քան 600 գլխաւոր ներկայացուցիչներ։ Այդ եղաւ հայկական ջարդին սկիզբը, «Ի դարուն առաջինը» ինչպէս զայն յիշած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 12 ապրիլ 2015-ին, Սուրբ Պետրոսին մէջ մատուցած հայոց նահատակներու յիշատակին նուիրուած սուրբ պատարագին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.