2018-04-23 11:33:00

Սուրբ Գէորգ Զօրավար - Ֆրանչիսկոս Պապին անուանակոչութեան տօնը


(Վատիկան Նիուզ) Այսօր յիշատակուող Սուրբ Գէորգի տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Եորկէ Պերկոլիօ,  աշխարհի բոլոր վայրերէս ստացաւ անուանակոչութեան տօնի շնորհաւորական նամակներ ու բարեմաղթանքներ:

Սուրբ Գէորգ Զօրավար նահատակուած է մօտաւորապէս 303 Ք.Ե. Նիկոմեդիոյ մէջ:
Հասակ առած է քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ: Երբ Հռոմէացի Դիոկղետիանոս կայսրը (284 - 305) հրովարտակ կը հրատարակէ քրիստոնեաներուն դէմ, Գէորգ զօրավարը կը պատռէ Նիկոմեդիա քաղաքի հրապարակին վրայ կախուած այս արքունական հրամանը:
Այս պատճառով կը չարչարուի եւ կը նահատակուի որովհետեւ կը մերժէ ուրանալ իր քրիստոնէութիւնը:
Բազմաթիւ աւանդութիւններ հիւսուած են Ս. Գէորգի մասին: Ասոնցմէ ամենածանօթը այն է որ Գէորգը սպաննելով վիշապ մը ազատեր է կոյս մը, եւ ասոր համար կ՛ընդունուի որպէս վիշաասպան սուրբ. ՝ խորհրդանիշ  չարին յաղթող հաւատքին:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  յաճախ խօսած է  չարի դէմ պայքարելու մասին:

Այս առնչութեամբ  ան անդրադառնալով Հայր մեր Տէրունական աղօթքին  « փրկեա մեզ ի չարէն» հատուածին   յայտնած է թէ չարը վերացական իրողութիւն մը չէ այլ շօշափելի անձ մըն է՝  սատանան: 11 ապրիլ 2014-ին- Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ներկայացուած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահաբնայապետը հաստատած է թէ  Յիսուսի կեանքը եղած է պայքարի կեանք: Յիսուս աշխարհ եկաւ, աշխարհի չարը՝ սատանան  յաղթահարելու համար, «պայքար մը որ պէտք է դիմագրաւէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ»  ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով  որ Ան որ կ՝ուզէ Յիսուսին հետեւիլ պէտէ է քաջատեղեակ ըլլայ  սոյն ճշմարտութենէն:

Իր անուանակոչութեան տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ  փափաք յայտնած է,  օրը տօնախմբել  կարիքաւորներուն եւ  տունէ զուրկ աղքատներուն հետ: Այս մասին յայտնած է առաքելական ողողորմնաբաշխութեան գրասենեակը   հրապարակելով հաղորդակցութիւն մը որուն մէջ նշուած է  թէ առաքելական ողորմնաբաշղութեան գրասենեակը, այսօր 23 ապրիլ 2018-ին, Սուրբ Գէորգի տօնի առիթով,  3000 պաղպաղակ պիտի բաժնէ,  Քարիթասի սեղանատուն եւ օթեւան յաճախող աղքատներուն:       








All the contents on this site are copyrighted ©.