2018-04-23 10:08:00

Հայաստան. Եւրոպական միութիւնը կոչ ուղած է երկխօսութիւն կատարելու


Հայաստան Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքը հաղորդած է, թէ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ եւ յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի անունով` բանբերի յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է  Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` ընդգծելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

Յայտարարութեան համաձայն, խաղաղ ճամբով եւ օրէնքի համաձայն հաւաքներ իրականացնելու ազատութեան իրաւունքը համամարդկային եւ հիմնարար իրաւունքներէն է, եւ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները լիակատար յարգանք ցուցաբերեն այդ իրաւունքին նկատմամբ:

«Խիստ կարեւոր է, որ բոլոր ներգրաւուած կողմերը ցուցաբերեն զսպուածութիւն եւ գործեն պատասխանատու կերպով: Կարեւոր է համընդգրկուն երկխօսութիւնը, որուն կոչը ուղղած էր նախագահ Արմէն Սարգսեանը` ուղղուած ստեղծուած իրադրութեան անյապաղ եւ խաղաղ լուծման», նշուած է յայտարարութեան մէջ` ընդգծելով, որ  անհանգստացնող ու յուսահատեցնող է այն, որ 22 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեանի եւ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի կարճատեւ հանդիպումը չկրցաւ կանխել դէպքերու  հետագայ մագլցումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.