2018-04-18 08:20:00

Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ ցեղասպանութեան յուշակոթող կը տեղադրուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը տեղադրուած է Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ:

Գերմանական «Տէօչը Վելլէ» կայանը կը տեղեկացնէ, թէ յուշակոթողի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 15ին: Անիկա 1.5 մեթր բարձրութեամբ պողպատեայ քանդակ մըն է, որուն եռանկիւն բրգաձեւ կառոյցին վրայ տեղադրուած է պրոնզէ նուռ մը:

Յուշակոթողի հեղինակներն են Քէօլնէն քանդակագործներ Շթեֆանքայզեր եւ Մաքս Շուլց։

Յուշարձանին վրայ չորս լեզուներով՝ հայերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով եւ թրքերէնով, զետեղուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Այս ցաւը կը յուզէ մեզմէ իւրաքանչիւրը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.