2018-04-14 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆիլատելֆիայի Վիլլանովա համալսարանի պատուիրակութիւն մը


(Վատիկան Նիուզ) Շաբաթ, 14 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  Հոոմի մէջ իրենց տարեկան հանդիպումի առիթով,  Ֆիլատելֆիայի «Վիլլանովա» համալսարանի աւելի քան 70 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:

Այս առթիւ արտասանած ողջոնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայր ներկաներուն մաղթեց, որ իրենց՝Հռոմ, յաւիտենական քաղաք  կատարած այցելութիւնը իւրաքանիչւրին համար հանդիսանայ  հոգեւոր վերնորոգումի առիթ, նկատել տալով որ «Վիլլանովա» համալսարանը Օգոստինեան դպրոցի ժառանգութիւն  է  հիմնուած է կաթողիկէ աւանդին հարստութիւնը փոխանցելու նոր սերունդ աշակերտներուն, որոնք ըսաւ Սրբազան Հայրը «երիստասարդ սուրբ Օգոստինոսին նման կը փնտռեն կեանքի արժէքն ու իսկական իմաստը» 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յոյս յայտնեց, որ «Վիլլանովա» համալսարանը իր առաքելութեան ծիրէն ներս յարատեւէ երիտասարդներուն հաղորդելու համամսարանի մտաւոր , հոգեւոր, բարոյական  արժանիքները, որպէսզի երիտասարդները իմաստութեամբ եւ պատասախանատուութեամբ կարենան  մասնակցիլ ՝ընկերութեան ապագայի կերտման ի սպաս յոյժ կարեւոր  բանակցութիւններուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց, որ համալսարանները իրենց բնութեամբ, կանչուած են երկխօսութեան, հանդիպումի աշխտանոցներ ըլլալու՝  ի սպաս ճշմարտութեան ծառայութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանման, քաջալերելով «Վիլլանովա» Կաթողիկէ հաստատութիւնը նպաստելու եկեղեցւոյ առաքելութեան մարդկային ընտանիքին հարազատ եւ համապարփակ աճումին խթանման գործընթացէն ներս:

Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր խօսքը հայցելով Սուրբ Օգոստինոսի եւ Սրբուհի Մոնիքայի բարեխօսութիւնը Վիլլանովա համալսարանի պատուիրակութեան անդամներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար, շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները: 








All the contents on this site are copyrighted ©.