2018-04-13 11:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց Ամազոնեան շրջանի նախասիւնհոդոսական աշխատանքային բացման նիստը։


(Վատիկան Նիուզ) «Ամազոնեան տարածաշրջանի սիւնհոդոսը՝ թէեւ այստեղ հռչակեցի, սկիզբ առաւ Փերուի՝ Փուերթօ Մալտոնատոյի մէջ…եւ երիտասարդներու հայող սիւնհոդոսը՝ թէեւ պիտի կայանայ Վատիկանի մէջ, այս վայրին մէջ է որ հռչակուեցաւ…սակայն այդ եւս արդեն սկիզբ առաւ Հռոմի մէջ, 300 երիտասարդներու նախա-սիւնհոդոսական  հաւաքով»։ Այս խօսքերը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերն են զոր արտասանեց հինգշաբթի՝ 12 ապրիլ 2018-ի առաւօտեան, Սիւնոհոդսական Քարտուղարութեան կեդրոնին մէջ, բացումը կատարելով Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած նախասիւնհոդոսական հաւաքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սիւնոհդոսական Խորհուրդի 18 անդամներ եւ Ամազոնեան հարցերու հմուտ 13 մասնագէտներ։

Սիւնհոդոսի քարտուղար Կարդինալ Պալտիսսերի Ամազոնեան տարածաշրջանը որակեց որպէս «հսկայական հարստութեամբ ու բնական կենսամիջոցներով լի այգի մը, բնիկ ժողովրդի մայր հող, իր իւրայատուկ պատմութեամբ եւ դիմագիծով։ Հողամաս մը որ թիրախ է անսահման ձգտումներու եւ հզօրներու տիրապետութեան անհամբերութեան սպառնալիքին», ըսաւ Ան,  մինչ «Թույուքա» ցեղի անդամ՝ Հայր Թուսթինօ Ռեզենտէ, որ ժողովին ներկաներէն մինակ բնիկն է, իր ուրախութիւն արտայայտեց ի տես սիւնհոդոսի գումարումին, որպէս նշան Եկեղեցւոյ ներկայութեան իր ժողովուրդին մօտ։

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ֆրանչիսկոս Պապին, Կարդինալ Պալտիսսերրիին, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու Սիւնհոդոսական խորհուրդի անդամներուն։ Ես կը խօսիմ Ամազոնեան բնակչութեան անունով ու յատկապէս բնիկ ժողովուրդներու անունով, յարեց Հայր Ռեզենտէ, երախտապարտութիւն արտայայտելով Եկեղեցւոյ հոգատարութեան համար ու այդ հոգատարութիւնը որակելով որպէս յոյսի նշոյլ՝ բնիկ ժողովուրդներուն համար։

«Մենք բնիկներս Աւետարանը ընդունեցանք ապա դարձանք աւետարանողներ, եւ պիտի սատարենք մեր եկեղեցւոյ հարստացումին» հաստատեց Հայր Թուսթինօ Ռեզենտէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.