2018-04-13 10:26:00

Վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին


Գրիգոր Տաթեւացի, իր Ամարան Հատոր կոչուած քարոզագրքին մէջ, մանրամասնօրէն կը նկարագրէ կրօնաւորներու կամ վանականներու զգեստները։ Հոգեւորականներու եւ վանականներու զգեստներուն իւրաքանչիւրը ունի յատուկ խորհուրդ մը կամ նշանակութիւն մը։ Անոնք, ինչպէս կը տեսնենք Գրիգոր Տաթեւացիի նկարագրութեան մէջ, արտայայտութիւնն են վանականի նուիրումին, որ կʼուխտէ հետեւիլ Յիսուսի, ուրանալով աշխարհը եւ կրելով խաչը՝ ժուժկալութեամբ եւ խստամբեր կեանքով։ Անշուշտ այս զգեստաւորումները վանականութեան նախնական շրջաններուն նոյնը չէին։ Անոնք դարերու ընթացքին փոփոխութիւններու ենթարկուեցան կամ յաւելումներ ունեցան։ Քրիստոնէական զանազան ծէսերու կամ Եկեղեցիներու փոխյարաբերութիւններու պատճառած երկկողմանի հարստացումին մաս կը կազմեն նաեւ եկեղեցական զգեստները։ Ասոր համար է, որ վանականներու զգեստներու որոշ մասեր ունին նաեւ օտարամուտ անուանումներ։

Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ՝ «Իսկ հանդերձները որ կը զգեցուցանեն՝ ըստ պատշաճի տձեւ եւ կոշտ, ցոյց կու տայ թէ ինչպէս փափուկ զգեստը կը փոխանակուի կոշտ զգեստով։ Նոյնպէս եւ աշխարհական կեանքի մազերը կը փոխարկուին խիստ եւ կոշտ մազերով։ Որովհետեւ աշխարհականները շատ բաներ ունին որոնք մեղադրելի չեն, որոնք անոնց պէտք չէ պարտք համարիլ, այսիքն՝ ինչպէս հալալ ամուսնութինը, որդէծնութիւնը, փափուկ զգսետը, ուտելը եւ խմելը, հօրենական տուն եւ ստացուածք, վաճառք եւ շահ, որոնք եթէ կրօնաւորները ընեն՝ մեղանչում է անոնց համար։ Արդ՝ մոնոզոնը ունի հինգ զգեստ։ Նախ՝ քուսիթան (cucullus, կնկուղ, վեղար)՝ գլխու, որ է ծֆուլը (գլխանոց), որ կը նշանակէ Քրիստոսի շնորհքը՝ իջած անոր գլխուն վրայ, որ անդամներուն պատուական մասն է, եւ ամբողջութիւնը՝ որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքը կը պահպանէ հոգին եւ մարմինը ամբողջապէս։ Երկրորդ՝ նեղ քղանցքով զգեստը՝ որ կը նշանակէ մեծ վարքին նեղ եւ անձուկ ընթցաքը։ Երրորդ՝ գօտին՝ իբր զսպում երիկամունքներու ցանկութեան։ Չորրորդ՝ հողաթափները ոտքին՝ իբր նշան արիութեան։ Հինգերորդ՝ քառակուսի թիկնոցը՝ իբր նշան խաչին։ Իսկ կրօնաւորը որ է սքեմաւորը՝ ունի չորս զգեստ աւելի։ Այսինքն կնկուղը առանց խաւի, սպիտակ ծայրով, որ կը նշանակէ բոլոր զգայարանքներու ծածկուիլը. եւ միտքը զսպել երկրէն, եւ միայն դէպի երկինք ուղղել։ Այլ եւ ունի սքեմը ուսին վրայ՝ խաչանման, որ կը նշանակէ պատուիրանի լուծը եւ Քրիստոսի խաչը ուսին վրայ բարձած։ Այլ եւ այծենի մաշկը՝ ինչպէս Յովհաննէս եւ Եղիա, որ մարդ արարածին տրուած բնական զգեստն է։

Այլ եւ աղաբողոնը (abolla, յուն anabole կամ ambolla, վերարկու, թիկնոց, մեկնոց, փիլոն) եւ նափորտը վրան առած իբր ծածկոյթ, որ կը հասնի մինչեւ վար, որ կը նշանակէ սէր եւ խոնարհութիւն՝ որ է ծածկոյթ եւ զարդ բոլոր առաքինութիւններու։ Այս է զգեստը հասարակ կարգաւորեալներուն։

Այլ անոնք որոնք գերագոյններն են եւ խստակրօն ճգնութեամբ կʼապրին, ինչպէս եգիպտացի հայրերը՝ թեզանատ բաճկոնով եւ բոբիկ ոտքով կը ժուժկալին. իբր նշան, թէ մերկացած են երկրաւոր կենցաղը եւ մարմնական գործերը։ Այս առաջին զանազանութիւնն է մոնոզոններու եւ սքեմաւորներու։ Այլ դարձեալ կայ ուրիշ զանազանութիւն մը, որ մոնոզոնը եկեղեցւոյ մէջ դռան մօտ կը կանգնի, իսկ սքեմաւորը՝ բեմին մօտ, Սուրբ Սեղանին առջեւ։ Կայ եւ երրորդ զանազանութիւն մը, որ սքեմաւորը՝ քահանային մօտ, ներքին բեմ կը բարձրանայ, եւ իր ձեռքով կը հաղորդուի, եւ մոնոզոնը՝ ո՛չ։ Այլ պէտք է գիտնալ, եթէ աշխարհական կարգէ կու գայ կրօնաւորութեան՝ այսպէս պէտք է կատարուի կարգը, ինչպէս վերը յիշուեցաւ։ Իսկ եթէ երիցութենէ կամ սարկաւագութենէ կու գայ կրօնաւրութեան, այս կարգը չի կատարուիր անոնց վրայ, որովհետեւ ունին գերագոյն կարգ մը. այլ միայն կը փոխեն հանդերձները։ Իսկ անկէ ետք կը տրուի սուրբ ողջոյնը՝ իբր համակարգ եւ զինուոր Քրիստսոի, սիրելի եւ հոգեւոր եղբայր մեզի։ Իսկ յետոյ կը հաղորդուին Սուրբ Խորհուրդին, որովհետեւ նախ Սուրբ Հաղորդութիւնը Սուրբ Խորհուրդներու կատարելագործումն է, եւ առանց անոր միւսները անկատար են։ Եւ դարձեալ՝ ինչպէս քահանան կը հաղորդուի քահանայապետէն, նոյնպէս եւ կրօնաւորը քահանայէն. միեւնոյն հաղորդութիւնը իրարու հետ՝ նշան է բոլորին քահանայութեան կարգին աստուածատեսակ նմանութեան, մեր Տէր Յիսուս Քրսիստոսի մէջ։»

Աղաբողոնը հին յոյներու եւ հռոմայեցիներու մօտ, արդէն Ք. ա. երրորդ դարուն գործածուած վերարկու, վերնահագուստ կամ թիկնոց մըն էր։ Զայն կը գործածէին փիլիսոփաներ, զինուորներ (բայց ոչ զինուորական ծառայութեան ընթացքին, այլ իբր քաղաքային զգեստ)։ Ան մեծ կտաւի կտոր մըն էր որ կը զանազանուէր ազնուականներու կամ իշխանաւորներու պատմուճանէն։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.