ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան տեղեկացուց. «Քանի որ նորընտիր նախագահը ստանձնած է իր պարտաւորութիւնները, կառավարութիւնն ալ հրաժարական տուած է: Կ’ուզեմ յայտնել, որ 17 Ապրիլին` ժամը 12:00-ին, Ազգային Ժողովի օրինական նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի վարչապետի ընտրութեան հարցը»:
Յիշեցնենք, որ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման արարողութիւնը, որմէ ետք Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը հրաժարական ներկայացուց նորընտիր նախագահին: Կարէն Կարապետեան յայտարարած է, որ վարչապետի թեկնածուն Սերժ Սարգսեանն է:
All the contents on this site are copyrighted ©. |