2018-04-11 13:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Հռոմի «San Paolo della Croce» ժողովրդապետութիւնը։


(Վատիկան Նիուզ) Երեքշաբթի, 10 ապրիլ 2018ին,  Հռոմի քահանայապետական թեմը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց թէ յառաջիկայ կիրակի 15 ապրիլ 2018-ին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ  Հռոմի Փոճօ Վերտէ շրջանի հասարակութեան «San Paolo della Croce a Corviale»  ժողովրդապետութիւնը։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ Քահանայապետը  պիտի դիմաւորուի Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս՝ գերապյածռա Անճելօ Տէ Տոնադիսի,  Հռոմի արեւելեան շրջանի  տեղակալ Գերապայծառ Փաուլօ Սելվատաժի,  «San Paolo della Croce a Corviale»  ծուխի ժողովրդապետ՝ Հայր Ռոպերթօ Քասսանոյի  ինչպէս նաեւ ժողողովապետութեան  կարգ մը համագործակիցներու կողմէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ Ժողովրդապետութեան տուած այցելութեան ծիրէն ներս պիտի հանդիպի քրիստոնէականի  դասընթացքի  հետեւող մանուկներուն. Տարեցներուն, շրջանի  հիւանդներուն  եւ աղքատներուն հետ: Ան աապա  խոստովանանքի խորհուրդը պիտի մատակարարէ կարգ մը հաւատացեալներու որմէ ետք պիտի  նախագահէ  սուրբ պատարագի արարողութիւնը,  որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ շրջանի ոստիկանութեան ներկայացուցիչներ:

Ֆրանչիսկոս Պապի «San Paolo della Croce a Corviale»  ժողովրդապետութիւն կ՝այցելէ,  ընդառաջելով  վերոնշեալ հասարակութեան Ժողովրդապետ Հայր  Քասսանոյին   հրաւէրին, որ անցեալ նոյեմբեր ամսոյն ներկայ եղած է  Տոմուս Սանթա մարթա մատրան  մէջ  ֆրանչիսոկսոս Պապի մատուցած Սուրբ Պատարագին  եւ այդ առթիւ  Սրբազան Քահանայապետէն խնդրած է,  որ այցելէ  իրեն՝ հոգածութեան տակ գտնուող հասարակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.