2018-04-11 11:50:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Մի՛շտ աղօթել

Աղօթքը  ամէնէն արագ կերպն է կրօնական զգացումները արտայայտելու: Արդարև աղօթքը  Աստուծոյ հետ կապի ամէնէն արագ միջոցն է, ու նաեւ հաւատացեալներու միջեւ՝ մէկուն հոգիէն միւսին հոգին կապ հաստատելու հեշտագոյն միջոցը:

Յիսուսի պատուէրներուն կարեւորներէն մէկն ալ աղօթքի մասին էր: Քրիստոնեայ մարդուն եւ առհասարակ համայն աշխարհի համար անզուգական կտակ է Յիսուսի սորվեցուցած աղօթքը, որ հետագային կոչուեցաւ Տէրունական Աղօթք, կամ ժողովրդային անունով՝ «Հայր Մեր» :
Յիսուս իր աշակերտներուն եւ անոնց միջոցաւ նաեւ Իր բոլոր հետեւորդներուն տուաւ մի՛շտ աղօթելու պատուէրը: Մնայուն աղօթքին ազդեցութիւնը բարձր գնահատեց Ան, պայման դնելով անձանձրո՛յթ աղօթքը (Հմմտ Ղկ 18.1): Թերեւս անկարելի թուայ ոմանց համար այս, սակայն խորապէս հաւատացողներուն համար աղօթքը հետզհետէ կը վերածուի սովորութեան: Պէտք չէ՛ սխալ ըմբռնել այստեղ աղօթքը «սովորութիւն» դարձնելու երեւոյթը ու չմեկնաբանել զայն «մեքենականօրէն» արտասանուած խօսքի իմաստով:

Սակայն աղօթքը սովորութեան վերածելը, անկեղծաւոր առաքինութիւններով զարդարուած մարդոց վարժութիւնն է:

Աղօթելը կրնայ մնայուն ու անձանձրոյթ սովորութեան վերածուիլ, երբ մարդոց շրթներուն վրայ ըլլայ միշտ, փոխանակ հայհոյանքներու: Խորհրդատու ծերունիս սովորութեան վերածած էր նոյնիսկ իր բարկացայտ պահերուն անընդհատ կրկնել «Տէր ողորմեա՛, Տէր ողորմեա՛, Տէր ողորմեա՛» յանկերգը:
Աղօթքի զօրութեան չհաւատացող մարդը, ընդհանրապէս Աստուծոյ գոյութեան ալ չի հաւատար, որովհետեւ միայն Անոր գոյութեան հաւատացողը կրնայ ջերմեռանդ աղօթող ըլլալ, ի՛ր եւ ուրիշներուն համար:
Ընդամէնը 100 տարի ետ երթալով, գէթ մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ պիտի հանդիպէինք հոգեւորականներու, որոնք ամէն կացութեան մէջ ու ամէն պարագաներու տակ գտնուող մարդոց պիտի թելադրէին աղօթել: Խորքին մէջ լաւագոյն դեղագիրն է, զոր անոնք կը յաջողէին տալ զանազան հարցերով իրենց դիմողներուն: Այսօր ալ կան պարզունակ կամ «կոյր» հաւատքով մարդիկ, որոնք կը շահագործուին ո՛չ թէ նոյնքան պարզունակ հաւատքով «հոգեւորական»ներու կողմէ, այլ՝ անոնց միամիտ հաւատքը չարաշահող բախտախնդիրներու կողմէ: Ձեւերով ու աւելորդ շարժումներով «աղօթք բաշխել»ու ցուցական արարքներու փոխարէն, նախընտրելի պիտի ըլլար շարունակել 100 տարի առաջուան հայ հոգեւորականներուն բաշխած սովորական դեղագիրը՝ մի՛շտ աղօթելու պատուէրը:
Մեր կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ ու տարբեր կացութիւններու դիմաց պէտք չէ՛ մոռնանք գործադրելիք երկու կարեւոր պարտականութիւններ. Նախ՝  միշտ աղօթել,  ապա, հարկ եղած պարագային խաչակնքել:
Աղօթքին անմիջականութիւնը կը զգայ  ան, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգայ միշտ իր կողքին: Պահապան հրեշտակներու մեր կողքին մնայուն ներկայութեան մասին ժխտողներու շատ քիչ կը հանդիպինք: Ամէն մարդ ալ կը գիտակցի, թէ մէկ օրուան ընթացքին ինչքա՜ն փորձանքներէ կ՛ազատուի ու փորձութիւններէ կը փրկուի: Եթէ միայն մեր սեփական կարողութեան ու իմաստութեան վստահէինք, անպայման տուժածներու թիւը մեծ պիտի ըլլար այսօր մարդկութեան շարքերուն մէջ: Սակայն, Աստուծոյ ներկայութիւնը իր պահապան հրեշտակներու միջոցաւ մեր մօտ, շատ մը դժուարութիւններու առաջքը կ՛առնէ: Երբեմն որոշումներ առնելու երկմտանքի մէջ մեր ներսիդին ծագող լո՛յսն է Աստուած, որ Իր երկնային իմաստութեամբ կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը:

Ուստի, ի՞նչ վնաս, եթէ աղօթքի վարժութիւնը զօրացնենք մեր սովորութենական կեանքին մէջ, առաւել եւս ապահովելու Անոր ներկայութիւնը մեր կողքին:

 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.