2018-04-11 09:23:00

Ալիեւ կը սպառնայ շարունակել Հայաստանը մեկուսացնելու քաղաքականութիւնը


ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ապրիլ 11ին կայանալիք նախագահական արտակարգ ընտրութիւններով դարձեալ նախագահ ընտրուելու պատրաստուող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Ապրիլ 9ին կայացած կառավարութեան նիստին ընթացքին սպառնաց շարունակել Հայաստանի մեկուսացման քաղաքականութիւնը: Նախագահը խոստացաւ «չփոխել այդ քաղաքականութիւնը, այնքան ատեն որ չեն ազատագրուած բռնագրաւեալ տարածքները»:

Ալիեւ աւելցուց, թէ Պաքու պիտի շարունակէ Հայաստանը տարածաշրջանային բոլոր նախագիծերէն մեկուսացնելու քաղաքականութիւնը, որովհետեւ այդ մէկը «արդիւնաւէտ է»: Ըստ անոր՝ Հայաստան «որեւէ հետաքրքրութիւն չի ներկայացներ» ներդրումներ կատարել փափաքողներու համար, ինչի համար ալ ան «զրկուած է ամէն տեսակի ներդրումներէ»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.