2018-04-10 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «եկեղեցին ու աշխարհը ողորմութեան կարիքը ունին»:


(Վատիկան Նիուզ) Երեքշաբթի, 10 ապրիլ 2018-ի՝ կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, ներկայութեամբ Ողորմածութեան յոբելենական Սուրբ տարուան առիթով ծնունդ առած «ողորմութեան առաքեալներ»ուն:

Ֆրանչիսոկս Պապ այս առթիւ արտասանած քարոզը կեդրոնացուց գործ Առաքելոցէն քաղուած հետեւեալ հատուածին վրայ «Առաքեալները մեծ զօրութեամբ կը վկայէին Յիսուսի մեր Տիրոջ Յարութեան մասին»: (Առաքեալներու գործեր 4,33):

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ «ամէն ինչ սկիզբ կ՛առնէ Յիսուսի Յարութենէն. Անկէ կը բխի Առաքեալներու վկայութիւնը եւ ծնունդ կ՝առնէ հաւատքն ու հասարակութեան անդամներուն նոր կեանքը»։ Ան ապա ընդգծեց Սուրբ Գրային ընթերցումներէն բխած  երկու երեւոյթներ անհատական վերածնունդ եւ հասարակաց կեանքը» դիտել տալով որ ողորմութեան առաքեալներուն պաշտօնը կ՝ընթանայ դէպի այդ երկու ուղղութիւններ՝ դէպի մարդոց ծառայութիւն, որպէսզի մարդիկ բարձունքէն վերածնին եւ դէպի հասարակաց ծառայութիւն, որպէսզի անոնք ուրախութեամբ եւ սիրոյ պատուիրանին համաձայն ապրին:

«Ան որ կանչուած է Քրիստոսի Յարութիւնը վկայելու, ինքնին պէտք է վերէն ծնի» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով Աստուծոյ տրամաբանութեան, որ է շնորհքի եւ ողորմածութեան տրամաբանութիւն՝ ըստ որուն, ան որ փոքրիկ է կը  մեծ կը դառնայ է եւ ան որ վերջինն  է՝ առաջին ու ան որ իր հիւանդ վիճակը կը ճանչնայ՝ կը բուժուի, յորդորելով ողորրմութեան առաքեալներուն, որ իրենց կեանքին մէջ առաջնահերթութիւն տան Հօր Աստուծոյ, Յիսուսին եւ Սուրբ Հոգւոյն:  Քահանայապետը ապա յորդորեց բնականոն եւ պարզ քահանաներ ըլլալ,  հաւասարակշռիր եւ կարող՝ թոյլ տալու իրենց անձերուն, Սուրբ Հոգիէն վերածնիլ ՝Անոր հլու զօրութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հասարակութեան ծառայութեան համար ողորմութեան առաքեալներուն  թելադրեց, որ ըլլան քահանաներ՝ կարող   աշխարհի անապատին մէջ փրկութեան նշանը բարձրացնելու, այսինքն Քրիստոսի խաչը, որպէս ապաշխարութեան եւ վերանորոգումի աղբիւր՝ համայն հասարակութեան եւ աշխարհին համար: Ան ընդգծեց, որ մեռեալ եւ Յարուցեալ քրիստոսի զօրութիւնն է, որ եկեղեցւոյ մէջ հաղորդութիւն կը ստեղծէ եւ եկեղեցւոյ միջոցաւ՝ համայն մարդկութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա նշեց, որ «ըլլայ եկեղեցին, ըլլայ ժամանակից աշխարհը,  յատուկէն կարիքն ունի ողորմութեան, որպէսզի Աստուծոյ՝ Քրիստոսի միջոցաւ կամեցած միութիւնը գերիշխէ չարին բացասական ներգործութեան վրայ։ Ան՝ ապա խօսքը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները մեկնիլ այս հանդիպումէն այն ուրախութեամբ, որ վերահաստատուած են ողորմութեան ի սպաս իրենց առաքելութեան մէջ։  Վերահաստատուած այն երախտապարտ վստահութեան մէջ, թէ իրենք առաջիններն են, որ կանչուած են վերածնելու Աստուծոյ սիրով ու միեւնոյն ատեն վերահաստատուած այն առաքելութեան մէջ բոլորին նուիրելու Յիսուսին նշանը, որպէսզի հասարակութիւնը եւս ըլլայ նշան եւ աշխարհի մէջ գործիք միութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.