2018-04-10 09:52:00

Հայաստան «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան ծրագիրի սփիւռքահայ եւ Հայաստանցի մասնակիցներուն հետ


Ապրիլ 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան հիմնադրամի ղեկավարներու եւ ծրագիրի սփիւռքահայ եւ հայաստանցի մասնակիցներու հետ: Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ իրանահայ խմբավար եւ երգահան Լորիս Ճգնաւորեանի քոյրերը` աւստրիահայ գործիչ Արշալոյս եւ ԱՄՆ բնակող գործարար Իտա Փիրուզա Ճգնաւորեանները:

Ողջունելով հանդիպման մասնակիցները` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի երիտասարդներ, ուսուցիչներ, նուիրեալներ հայրենասէրներ, ձեր աշխատանքը շատ կարեւոր է, անգնահատելի է Հայաստան պետութեան զարգացման համար: Ուրախ եմ, որ համախմբուել էք կրթութիւնը բոլոր երեխաներին հասանելի դարձնելու, ձեր գիտելիքները փոխանցելու վեհ գաղափարի շուրջ: 21-րդ դարը գիտելիքի դար է: Հզօր են այն ազգերը, որոնք աւելի գրագէտ են, զարգացած: Դուք ձեր գիտելիքները փոխանցում էք այն երեխաներին, ովքեր հեռաւոր կամ սահմանամերձ գիւղերում են: Դուք վերցրել էք ազգի բեռը, երկրի ապագան կերտելու պատրաստակամութիւնը, եւ գործով ապացուցում էք ձեր հայրենասիրութիւնը եւ հայրենիքի զարգացման համար աշխատելու նուիրումը: Շնորհակալ եմ: Վստահ եմ, որ ձեզ նման հայրենիքը բացայայտած ու նրա խնդիրների լուծման գործում իրենց նպաստը բերած երիտասարդների օրինակը, Հայրենիք վերդառնալու, այստեղ ապրելու եւ աշխատելու Ձեր յաջողուած փորձը հրաշալի ազդակ կը դառնայ հազարաւոր սփիւռքահայ երիտասարդների համար: Սփիւռքի նախարարութիւնը կարող է աջակցել ծրագրին` աւելի շատ սփիւռքահայ երիտասարդնել ներգրաւելու գործում»:

«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» հիմնադրամի ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ եւ քաջալերող խօսքերու համար, նշեց, որ այդ խօսքերը կ’ոգեւորեն դժուարին պայմաններու մէջ աշխատող երիտասարդ ուսուցիչներուն: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելի սերտ համագործակցիլ Սփիւռքի նախարարութեան հետ. «Մենք  մէկ երկիր  ունինք եւ միասին պէտք է աշխատինք, որ անոր ապագան շատ լաւ ըլլայ: «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»-ը հարթակ է, որ հնարաւորութիւն կու տայ երիտասարդ մասնագէտներուն իրագործելու` Հայրենիքին օգտակար ըլլալու, անոր վաղուան օրը կերտելու իրենց ծրագիրները», – աւելցուց ան:

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Հայաստանի կրթական համակարգի զարգացման գործին ունեցած աւանդի համար ՀՀ սփիւռքի նախարարը Լարիսա Յովհաննիսեանին պարգեւատրեց պատուոգիրով:

«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» հիմնադրամի կրթական ծրագիրին աշխոյժ մասնակցութեան, դպրոցականներու կրթադաստիարակչական գործին մէջ ունեցած յաջողութիւններուն համար շնորհակալագիրներու արժանացան ծրագիրի 50-է աւելի մասնակիցներ:

Ելոյթ ունեցան ծրագիրի սփիւռքահայ մասնակիցներ Շողիկ Քէոշքերեան, Խաչիկ Չուխաջեան, Արշալոյս Ամսիհ եւ հայաստանցի Գայեանէ Անդրէասեան, շնորհակալութիւն յայտնեցին գնահատանքի համար, նշեցին, որ հպարտ են Հայրենիքի ապագայի կերտման մէջ իրենց փոքրիկ ներդրումով:

Երիտասարդ ուսուցիչներուն քաջալերանքի խօսքեր ըսաւ նաեւ Արշալոյս Ճգնաւորեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.