2018-04-10 10:00:00

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի շնորհակալութիւնը ԱՄՆ-ի հայ կաթողիկէ համայնքին։


Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդութեան ժողովրդապետ Հայր Գէւորգ Պահէ իր դիմատետրի վրայ հրապարակած է հետեւեալ լուրը որ սիրով կը հրապարակենք մեր այս էջին վրայ որպէս օրինակ եղբայրսիրութեան ու զօրակցութեան։

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակները այս տարի, Ս.Զատկուայ առթիւ, ունեցան տօնական նուէր մը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան ու համայնքի զաւակներուն կողմէ, նամանաւանդ տիկին Քլեր Կարապետեանի բարերարութեամբ:

Արդարեւ, համայնքիս 50 կարիքաւոր ընտանիքներ,Աւագ չորեքշաբթի օրը՝ 28 մարտ 2018-ին, Առաջնորդարանիս մէջ, ձեռամբ Հայր Գէորգ վարդապետի, ստացան մասնաւորապէս պատրաստուած սննդակողովներ:

Համայնքիս ընտանիքները իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին նուիրատուներուն, այս դժուար օրերուն նման օժանդակութիւն տրամադրած ըլլալուն համար,որ մեծապէս կը թեթեւցնէ կենցաղային առօրեայ բազմաթիւ ծախսերու հոգը:

Վերոնշեալ օժանդակութեան շնորհիւ կարելի եղաւ նաեւ համայնքիս հիւանդ զաւակներէն մէկուն բժշկական ծախսերը հոգալ:

Տրամադրուած այս գնահատելի օգնութիւնը տօնական ուրախութիւն բերաւ նաեւ համայնքիս փոքրիկներուն:Այսպէս 1 ապրիլին,Ս.Զատկուայ հանդիսաւոր Ս.Պատարագէն ետք, ներկայ բոլոր փոքրիկները ստացան Զատկական տուրմէ (շոքոլայէ) պատրաստուած մեծկակ հաւկիթներ ու քաղցրաւենիքներ:

Վերջապէս նշենք թէ վերջերս համայնքիս « Փարոս» վարժարանի բակին մէջ ինկած հրասանդի պատճառած մեծ վնասները,«Ամինեան» սրահին ու դպրոցին, կարելի եղաւ վերանորոգել, շնորհիւ Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ազնիւ զաւակներէն պրն. Վաչէ Շատարեւեանի տրամադրած օժանդակութեան:

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակներու ու Առաջնորդութեան անունով, մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու մեր համայնքակից եղբայրներուն, որոնք օգնութեան ձեռք կ՝երկարեն, կը կանգնին մեր համայնքի զաւակներուն կողքին, յոյսով որ շուտով Սուրիան կը վայելէ լիիրաւ խաղաղութիւն ու սուրիահայութիւնը կը վերագտնէ իր շէն ու պայծառ դիմագիծը: Աստուած բոլոր բարերարներուն ու նուիրատուներուն վարձահատոյց ըլլայ իր բազմաթիւ շնորհքներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.