2018-04-10 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «ողորմութեան միսիոնարներուն» հետ


(Վատիկան Նիուզ) Երեքշաբթի 10 ապրիլ 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի «Ռեճա» դահլիճին մէջ ընդունեց ողորմութեան արտակարգ յոբելեանի առթիւ ծնունդ առած «ողորմութեան միսիոնարները», որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին իրենց յատկացուած մէկ հաւաքի մը. կազմակերպուած Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի կողմէ։

«Ողորմութեան միսիոնարները» այն քահանաներն են որոնք Յոբելենական տարւոյն առթիւ՝ 10 փետրուար 2016-ին, մոխրոց օրը,  Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէն առաքուեցան յատուկ առաքելութեամբ ՝այն է մատակարարել «ապաշխարութեան խորհուրդը» մահացու մեղքեր եւս ներելու իշխանութեամբ։

Անոնց հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ՝ թէեւ անոնց պարտականութիւնը վերջ գտնելու էր Յոբելենական տարւոյն աւարտին, խորհրդածելով անոնց կատարած առաքելութեան մասին եւ ի տես բազմաթիւ դրական վկայութիւններուն ու գնահատանքներուն որոնց արժանացան ողորմութեան առաքեալները, որոշեց երկարաձգել անոնց առաքելութեան ժամկէտը։

«Պէտք ենք ընդունիլ որ Աստուծոյ ողորմութիւնը սահման չունի եւ ձեր առաքելութեամբ դուք այն շօշափելի նշանն էք՝ որով եկեղեցին չի կրնար, կարող չէ եւ չուզէր ստեղծել որեւէ  պատնէշ կամ դժուարութիւն, Հօր ներումը ընդունելու համար» ըսաւ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդին մատուցած ծառայութեան ապա ներկաներուն հետ ուզեց բաժնեկցիլ մի քանի խորհրդածութիւններ հայող անոնց յանձնուած պարտականութեան, որպէսզի ըսաւ Ան, ձեզի յանձնուած պատասխանատուութիւնը ապրիք լաւապէս եւ համաձայն Հօր կամքին։

Սրբազան Հայրը երկարաշունչ ճառը սկսաւ Եսայի մարգարէի գիրքի հետեւեալ հատուածէն «Տէրը այսպէս կ՛ըսէ. ընդունելի ժամանակի մէջ քեզ լսեցի. Փրկութեան օրը քեզի օգնութիւն ըրի…. Տէրը իր ժողովուրդին մխիթարութիւն տուաւ ու իր տնականներուն ողորմեցաւ. Բայց Սիոն ըսաւ «Եհովան զիս թողուց ու Տէրս զիս մոռցաւ»։ Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ... Թէեւ անոնք մոռնան բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ։ (Եսայի 49, 8.13-15)։ Ողորմութեամբ լի հատուած մըն է. ըսաւ Քահանայապետը եւ ակնարկեց Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն որ իր կարգին կը նշէ թէ մենք «Աստուծոյ համագործակիցներ ենք, Քրիստոսի դեսպաններ» , ու թէ պատգամը որ կը փոխանցենք «Աստուծոյ հետ հաշտութիւն կնքելու» պատգամն է։

Մեր առաքելութիւնը, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը կայանայ մարդիկը տանելու Աստուծոյ որպէսզի Անորմէ ընդունին ներում եւ ողորմութիւն, նման մեր Տիրոջ իր աշակերտներուն յանձնած առաքելութեան, իր Յարութենէն անմիջապէս ետք «Այնպէս ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց ես ալ ձեզ կը ղրկեմ…անոնց որոնք մեղքերը կը ներէք, պիտի ներուին եւ անոնց որոնց մեղքերը կապէք, պիտի կապուին»։ Այս պատասխանատուութիւնը կը պահանջէ առաքելութեան  համապատասխան ապրելակերպ, որպէսզի՝ ինչպէս կ՛ըսէ առաքեալը, գայթակղութեան առիթ չի ստեղծենք - դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ «Ողորմութեան համագործակից ըլլալը  կ՛ենթադրէ ապրիլ ողորմած սէրը՝ որ մենք փորձարկեցինք որպէս առաջիններ»  մեկնելով այն մտածումէն թէ Աստուած նախ ինծի նայեցաւ ողորմութեամբ։

Քահանայապետը ապա նշեց թէ «ապաշխարութիւնը- ներումը» մեր առանձնական արարքը կամ մեր ջանքերու պտուղը չէ, այլ Տիրոջ սիրոյ ձեռնարկն է, թէեւ մեզմէ կը պահանջէ առաջին քայլը կատարել ու դիմել Անոր։ Այսուհետեւ երբ մեզի մօտենայ մեղաւոր մը, մենք հասկնալու ենք թէ այդ մէկը Աստուծոյ սիրոյն հետ հանդիպումին առաջին քայլն է, Աստուած որ իր շնորհքով բացաւ այդ մեղաւորին սիրտը եւ կարելի դարձուց զղջումը։ Մեր սիրտը եւս պէտք է հասկնայ այդ հրաշքը, նման այն հովիւին որ կ՛երթայ փնտռելու կորսուած ոչխարը եւ տուն չի վերադառնար առանց զայն գտած ըլլալուն – ըսաւ Սրբազան Հայրը զգուշացնելով այն վարուելակերպէն որ շատ անգամ կը հեռացնէ ապաշխարող անձը եկեղեցիէն։

Նորին Սրբութիւնը երկարաշունչ իր ճառին մէջ ակնարկեց նաեւ անառակ որդիի առակին ու այն հօր ուրախութեան որ երբ հեռուէն կը տեսնէ իր զաւկին վերադարձը կը փութայ անոր մօտ ու գրկաբաց կ՛ընդունի զայն։ «Աստուած նոյնը կ՛ընէ մեղաւորին հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց թէ ողորմութիւնը կը պահանջէ ունկնդրութիւն, որ ապա առիթ կու տայ առաջնորդելու անձը դէպի կեանքի աղբիւր։ Արդարեւ ներումն ու ողորմութիւնը թոյլ կու տան տարբեր աչքերով՝ վստահութեամբ եւ յոյսով  դիտելու կեանքը։

«Ողորմութիւնը կը բանայ յոյսին դռները» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու մեկնաբանելով  Եսայի մարգարէի «Սիոն ըսաւ Եհովան զիս թողուց ու Տէրս զիս մոռցաւ» նախադասութիւնը ակնարկեց մարգարէներու գրութիւններուն ուր յաճախ ժողովուրդն է որ կը թողու ու կը հեռանայ Աստուծմէ, այս մէկը համարելով մեղք, որովհետեւ կը բխի այն համոզումէն թէ մենք առանձին կարող ենք մեր կեանքը կառավարել։

«Լքումի փորձառութիւնը խիստ տխուր է» դիտել տուաւ Քահանայապետը, ըլլայ անձնական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ։ Երբ կը սիրենք ու ապա կ՛ապրինք լքումի փորձառութիւնը կ՛ապրինք ցաւալի պահեր։ Յիսուս եւս Խաչին վրայ ըսաւ «Տէր իմ, Տէր իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս». թէեւ Աստուած որ իր Միածին Որդին զոհեց մեզի համար ու զայն լքեց Խաչին վրայ, կարող չէ եւ ոչ մէկը լքել իր ճակատագրին, Անոր սէրը մշտապէս ներկայ է, մօտիկ է, աւելի մեծ եւ աւելի հաւատարիմ է քան որեւէ լքում, ինչպէս կը հաստատէ Եսայի մարգարէն «Ահա ես քեզ իմ ձեռքերուս մէջ դրոշմեցի». Կնիք մը որ վստահութիւն կը ներշնչէ որովհետեւ Աստուած ամէն անգամ որ իր ձեռքին նայի զիս կը յիշէ - ըսաւ Սրբազան Պապը ու երկարաշունչ ճարին աւարտին յանձնարարեց ողորմութեան առաքեալներուն որ մօտիկ ըլլան խոստովանանքի մօտեցողներուն, անոնց ներշնչելով ուժ եւ յոյս, ինչպէս նաեւ կարողութիւն՝ դարձեալ վերսկսելու, հակառակ ամէն ինչի, որովհետեւ Աստուած՝ ամէն անգամ մեզ կը գրկէ իր ափերուն մէջ ու մեզ կը մղէ յառաջ նայելու։

Ողորմութիւնը արդարեւ կը յառաջացնէ վստահութիւն որ է Աստուծոյ սէրը՝ որ կը յաղթէ մենակութեան ու լքումի բոլոր ձեւերը։ Ողորմութեան առաքեալները արդարեւ կանչուած են ըլլալու վկաները այն սիրոյն՝ վերապահուած բոլորին անխտիր, որ թիկունք կը կանգնի անոր որ դժուարութեան մէջ է, որ կ՛ապրի հաղորդութիւնը որպէս կեանքի աղբիւր եւ որ կը հիւրընկալէ բոլորը։

Ֆրանչիսկոս Պապ երկարաշունչ ճառը աւարտեց աղօթքով մը «Ով Հայր, որ կը վարձատրես արդարները ու չես մերժեր ներում շնորհել զղջացած  մեղաւորին, մտիկ ըրէ մեր աղերսին. Մեր յանցանքներու հեզ խոստովանանքը՝ քեզմէ ընդունի ողորմութիւն»








All the contents on this site are copyrighted ©.