2018-04-10 09:46:00

452 Միլիոն դրամ կը յատկացուի աղէտի գօտիի 44 ընտանիքներու բնակարանային հարցերը լուծելու նպատակին


Պետական պիւտճէէն 452.7 միլիոն դրամ պիտի տրամադրուի աղէտի գօտիի բնակավայրերու երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած ընտանիքներու բնակարանային հարցերու լուծման նպատակին: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։
Ծրագրէն պիտի օգտուի Լոռիի մարզի գիւղական բնակավայրերու կիսակառոյց բնակելի տուներ ունեցող 44 ընտանիք:
Ուղղակի դրամական աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի այս ընտանիքներուն, անմիջապէս, որ անոնք իրենց կիսակառոյց բնակարաններու շինութիւնը աւարտին հասցնելու պայմանագիր կնքեն շինարարակական ընկերութեան մը հետ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.