2018-04-09 18:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 9 ապրիլի թուիթները քաղուած՝ "Gaudete et Exsultate" յորդորագիրէն։


(Վատիկան Նիուզ) Երկուշաբթի, 9 ապրիլ 2018-ին, լոյս տեսաւ «Ուրախացէք եւ ցնծացէք -Gaudete et Exsultate-»:

Ֆրանչիսկոս Պապին սրբութեան մասին առաքելական  յորդորագիրը: Այս առիթով Քահանայապետական @pontifex  թուիթերեան կայքին վրայ յաջորդաբար լոյս տեսան Ֆրանչիսկոս Պապի  թուիթները ՝քաղուած վերոնշեալ առաքելական  յորդորագիրէն։

Առաջին թուիթին մէջ Սրբազան Հայրը հրաւէր կ՛ուղղէ սրբութեան մատնանշելով առաքելական յորդորագիրի տիտղոսին «Անգամ եւս եւս կը փափաքիմ հնչեցնել Սրբութեան կոչը. «Ցնծացէք եւ ուրախացէք» #GaudeteetExsultate։ Կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը:

Ապա երկրորդ թուիթին մը մէջ կը հաստատէ  թէ «Տէրը սբրութեան կը կանչէ մեզմէ իւրաքանչիւրս,  նաեւ քեզ: Իսկ երրորդ թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ « Դուն կրօնաւոր կամ կրօնաւորուհի ե՞ս. Սուրբ եղիր,՝ ուրախութեամբ ապրելով քու անձնուիրումդ»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրապարակեց այլ թուիթ մը այս անգամ ուղղուած ամուսնացեալներուն, որուն մէջ գրեց  «Ամուսնացած ես , սուրբ եղիր սիրելով եւ հոգ տանելով քու ամուսինիդ կամ կնոջդ, ինչպէս Քրիստոս եկեղեցւոյ հետ ըրաւ»։ Մինչ այլ թուիթ մը յատկացուած էր աշխատաւորներուն որուն մէջ Սրբազան Պապը զանոնք եւս հրաւիրեց ձգտիլ սրբութեան յորդորելով «Աշխատաւոր ես, սուրբ եղիր պարկեշտութեամբ եւ փորձագիտութեամբ կատարելով քու գործդ՝  ի ծառայութիւն եղբայրներուդ»

Կէսօրէ ետք ժամը 5-ին հրապարակած թուիթին մէջ  Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը ուղղելով ծնողներուն գրեց «Ծնողք ե՞ս,  մեծ մայր կամ մեծ հայր ես, Սուրբ եղիր, համբերութեամբ դասաւանդելով մանուկներուն՝ հետեւիլ Յիսուսին»։  Իսկ օրուան վերջին թուիթը Նորին Սրբոթիւնը յատկացուց իշխանութեան տէր մարդոց զանոնք եւս հրաւիրելով սրբութեան։

«Իշխանութիւն ունիս, սուրբ եղիր պայքարելով հասարակաց բարիքին համար եւ հրաժարելով քու անձնական շահերէդ» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։ :








All the contents on this site are copyrighted ©.