2018-04-09 13:29:00

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը բողոք յայտնած է Իսրայէլի արտգործ նախարարութեան։


Երուսաղէմի մէջ Ապրիլ 7-ին ոստիկաններու ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներու ու հոգեւորականներու միջեւ տեղի ունեցած է միջադէպ, որու առնչութեամբ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը իր բանաւոր բողոքը յայտնած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներուն: Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Բաղդասարեան:

Միջադէպը տեղի ունեցած է Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն տաճարին մէջ Տիրոջ Յարութիւնը խորհրդանշող արարողութենէն ետք:

Դէպքին հետ կապուած Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետը ֆէյսպուքի մէջ կը գրէ. «Ապրիլ 7-ին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը` հիւր հոգևորականներու, բազմաթիւ ուխտաւորներու և սաղիմահայերու հետ միասին Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ նշեց Տիրոջ Յարութիւնը խորհրդանշող Լուսաւորեայի արարողութիւնը:

«Սուրբ Յարութեան Տաճարի դուռը, ինչպէս սահմանուած է Status Quo-ով, բացաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Աւագ Թարգմանը: Միաբանութիւնը Սուրբ Յարութեան Տաճար Մուտք գործեց երկու հանդիսաւոր թափօրներով:

«Գերեզմանէն Տիրոջ հրաշափառ Յարութիւնը խորհրդանշող լոյսը հանեց Հոգշ․ Տ. Ասպետ Վրդ. Պալեանը, ով Ս. Գերեզման մտաւ Երուսաղէմի Յունաց պատրիարքի հետ: Ս. Յարութեան տաճարին մէջ արարողութիւնը աւարտեցաւ Ս. Գերեզմանի շուրջ եռադարձ թափօրով: Վանք վերադարձին, թափօրը շարունակուեցաւ շուկայէն մինչև Սրց. Յակոբեանց տաճար:
Երուսաղէմի մէջ, Լուսաւորայի արարողութիւնը կատարուեցաւ ըստ Status Quo-ով սահմանուած կարգի, առանց որևէ խախտման:

«Ցաւօք, պէտք է նշել, որ վանքի դիմաց տեղի ունեցաւ միջադէպ` ոստիկանութեան և համայնքի ներկայացուցիչներու և հոգևորականներու միջև: Անհամաձայնութիւնը հարթուեցաւ անմիջապէս, սակայն ձերբակալուեցաւ մեր հայրենակիցներէն մէկը, որ ժամ մը ետք ազատ արձակուեցաւ:
Դէպքին վերաբերեալ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը իր բանաւոր բողոքը յայտնած է Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչներուն»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.