2018-04-09 08:47:00

Երեւանը Հռոմէն hին Է լի հնագոյն ու ժամանակակից մշակոյթով. News The Essential Daily Briefing


Բրիտանական News The Essential Daily Briefing-ի սիւնակագիր Տիմիտրիս Հոլը յօդուած մը հրապարակած է Երեւանի մասին եւ առանձնացրած այն հինգ վայրերը, ուր, ըստ անոր, պէտք է այցելէ իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ:

«Այս նախկին խորհրդային քաղաքը Հռոմէն աւելի հին է եւ լի է հնագոյն ու ժամանակակից մշակոյթով»,- կը գրէ ան:

Յօդուածագիրը նշած է, որ Արարատը Հայաստանի մէջ քոնեակի ամենայայտնի արտադրողն է, սակայն ոչ միակը: «Փաստացի, «Նոյ» գործարանը կառուցուած է 16-րդ դարուն հիմնուած ամրոցի հիմքին վրայ, որուն պատուհանները կ’երեւին նկուղէն»:  Տիմիտրիս Հոլը զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ կու տայ այցելել նաեւ Երեւանի սիրահարներու այգի, ուր անոնց առջեւ կը բացուի գեղեցիկ ովասիս: «Այգին շրջապատուած է ՀՀ Նախագահի նստավայրով եւ Ազգային ժողովի շէնքով, գեղեցիկ շատրուաններով ու ծաղիկներով»,- գրած է յօդուածագիրը:

Տիմիտրիս Հոլն առանձնացուցած է նաեւ Երեւանի կեդրոնը գտնուող Հանրային ռատիոն: «Երեւանի ռատիոյի կատակներու ժողովրդականութիւնը ԽՍՀՄ տարիներուն «երկաթէ վարագոյրէն» դուրս կու գար, կը հասնէր Արեւմուտք ու Արեւելք, եւ մինչ օրս ատոնք կրնանք լսել  շարք մը երկիրներու մէջ: Երեւանի ռատիոյի հիմնադրման 90-ամեակին առթիւ շէնքին առջեւ տեղադրուած է յուշարձան: Այն ունի թաքնուած ռատիօընդունիչ, որ միշտ միացուած է Հանրային ռատիոյին»,- գրած է յօդուածագիրը:

Վերջինս խորհուրդ  տուած է նաեւ զբօսաշրջիկներուն այցելել Երեւանի ժողովրդական արուեստի թանգարան եւ ծանօթանալ քանդակագործ Էդուարդ Ղազարեանի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ այցելել Երեւանեան լիճ, ուր 1976 թուականին ինկած էր 96 ուղեւորներով տրոլէյբուսը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.