2018-04-09 12:02:00

«Ուրախացէք եւ Ցնծացէք» Ֆրանչիսկոս Պապին Սրբութեան մասին առաքելական յորդորագիրը։


(Վատիկան Նիուզ) Երկուշաբթի, 9 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի Սրբութեան հայող՝ «Gaudete et Exsultate - Ուրախացէք եւ Ցնծացէք» առաքելական յորդորագիրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գահակալութեան օրէն ի վեր միշտ անդրադարձած է սրբութեան հարցին, շեշտելով, թէ Եկեղեցին կարիքն ունի սուրբերու եւ ոչ մեծաւորներու, եւ թէ Եկեղեցին «բոլորին կը հրամցնէ կարելիութիւնը՝ քալելու սրբութեան ճանապարհէն, որ քրիստոնեայի ճանապարհն է»։ Եկեղեցին չի մերժեր մեղաւորները, այլ կ՛ընդունի զանոնք եւ կը հրաւիրէ որ վարակուին Աստուծոյ սրբութեամբ։

Սուրբ կը դառնանք ապրելով երանութիւնները, որոնք աշխարհի ուղղութեան հակահոսանք ճանապարհ մըն են։ Սուրբ կը դառնանք բոլորս որովհետեւ Եկեղեցին միշտ ալ սորվեցուցած է թէ սրբութիւնը տիեզերական կոչում մըն է, եւ այս մէկը ի յայտ կու գայ մեր մէջ գտնուող սուրբերէն, որոնք յաճախ մեր դրացիներն են։  Սրբութեան կեանքը սերտօրէն կապուած է ողորմութեան ապրումին, որ է «երկնքի բանալին»։ Ուրեմն սուրբ է այն անձը որ գիտէ յուզուիլ ու կը գործէ՝ օգնութեան հասնելու համար թշուառներուն ու դարմանելու խեղճութիւնները։ Սուրբ է ապա Ան որ արագընթաց ու բռնութեամբ յատկանշուած աշխարհի մէջ կարող է «ուրախութեամբ ու զուարթութեամբ ապրիլ կեանքը։

 

Սրբութիւնը Հրաւէր մըն է

«Ուրախութեան հոգիէն մեկնելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ կու տայ իր վերջին առաքելական յորդորագիրին որուն բնաբանն է “Gaudete et exsultate - Ուրախացէք եւ Ցնծացէք»։ Խօսքեր զոր Յիսուս ուղղած է անոնց որոնք իր պատճառաւ կը հալածուին ու խոնարհեցումի կ՛ենթարկուին։

Յորդորագիրը կազմուած է 5 գլուխներէ եւ 44  էջերէ որոնց ընդմէջէն Քահանայապետը շեշտը կը դնէ ի իր քահանայապետութեան առաջնահերթ հանդիսացող ուսուցումին վրայ՝ թէ Եկեղեցին մօտիկ ըլլալու է Քրիստոսի տառապող մարմնին։ Ան ապա դիտել կու տայ թէ յորդորագիրի 177 հատուածները՝ սրբութեան մասին պայմանագիր մը չեն, այլ ձեւ մը «անգամ մը եւս հնչեցնելու սրբութեան կոչումը» բացայայտելով անոր արկածախնդրութիւնները, մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները»։

Սրբութեան կոչումը

Յորդորագիրի առաջին գլուխին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ «սրբութեան կոչումին» դիտել տալով թէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար կայ կատարելագործութեան ուղի մը, ու թէ պէտք չէ վհատինք ի տես այն սրբութեան տիպարներուն որոնք անհասանելի կը թուին մեզի համար, վստահեցնելով որ Սուրբերը որոնք կը գտնուին Աստուծոյ կողքին մեզի կ՛ընկերանան ու մեզ կը քաջալերեն։ Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը կը հաստատէ թէ սրբութեան կոչումը կը կայանայ առօրեայի «փոքրիկ արարքներ» իրագործելու  մէջ։

Սրբութեան թշնամիները

Երկրորդ գլուխին մէջ Սրբազան Պապը կը խօսի սրբութեան թշնամիներու մասին «կնոստիքեան» եւ «Փելակեան» աղանդները, որոնք այժմէական կը մնան։ «Կնոստիքեան» աղանդը կ՛ենթադրէ «իմացականութիւն մը առանց Աստուծոյ եւ առանց մարմնի», տրամաբանութիւն մը որ կը յանգի «ընտելացնել Աստուծոյ խորհուրդն ու Անոր շնորհքը, ու այս մէկին հետեւելով նախընտրել Աստուած մը առանց Քրիստոսի, Քրիստոս մը առանց Եկեղեցիի, Եկեղեցի մը առանց ժողովուրդի», ինչպէս յայտնած էր Նորին Սրբութիւնը Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի մը ընթացքին։

Խօսելով ապա նոր «Փելակեան» աղանդի մասին, Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ այդ սխալը յառաջ կու գայ  «կնոստիքեան» աղանդէն որով կը հաստատուի թէ պաշտամունքի առարկան « մարդկային իմացականութիւնը» չէ այլ « անձնական ջանքը», «առանց հեզութեան կամքը» որ ինքզինք  ուրիշներէն վեր կը գերադասէ, որովհետեւ կը հետեւի «որոշ օրէնքներու» եւ հաւատարիմ է «կաթողիկէ որոշ ապրելակերպի»։ Քահանայապետը այս ուղղութեամբ կ՛ընդգծէ թէ միայն ու մշտապէս Աստուածային շնորհքն է որ կը «գերազանցէ մարդուն իմացականութեան կարողութիւնները ու կամքի ուժերը» դիտել տալով թէ յաճախ «Աւետարանը կը բարդացնենք ու ստրուկ կը դառնանք ուրուագիծի մը»։

Սրբութեան ութը ուղիները

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յորդորագիրի երրորդ գլուխը կը յատկացնէ  դէպի սրբութեան տանող ճանպահի ուղեցոյցին՝ Երանութիւններուն, որով Յիսուս ամենապարզութեամբ մեզի սորվեցուց թէ ի՞նչ կը նշանակէ սուրբ ըլլալ։ Սրբազան Հայրը մէկիկ մէկիկ կ՛անդրադառնայ ութը երանութիւններուն «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի մխիթարուին:Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի ժառանգեն երկիրը:Երանի՜ անոնց՝ որ անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան, որովհետեւ անո՛նք պիտի կշտանան:Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անո՛նք ողորմութիւն պիտի գտնեն:Երանի՜ անոնց՝ որ սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անո՛նք պիտի տեսնեն Աստուած:Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անո՛նք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին:Երանի՜ անոնց՝ որ հալածուած են արդարութեան համար, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:

Սրբազան Քահանայապետին համար «Երանի ողորմածներուն» երանութիւնը  քրիստոնեաներու վարքի կանոնն է։ Ան կը հաստատէ թէ Սուրբ ըլլալ կը նշանակէ ապրիլ զԱստուած ամենայետինները սիրելու միջոցաւ։  Քահանայապետը  կը զգուշացնէ քրիստոնէութիւնը դարձնել «առանց շահի ընկերակցութիւն» մը ընդգծելով սակայն թշուառներու օգնութեան հասնելու հարկաւորութիւնը ինչպէս նաեւ գաղթականները հիւրընկալելու պարտականութիւնը, որովհետեւ ամէն «մէկ օտարականի մէջ ներկայ է Քրիստոս» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սրբութեան կենցաղի յատկութիւնները։

Չորրորդ Գլուխին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը մատնանշէ Սրբութեան կենցաղի յատկութիւններուն. Համբերութիւն, հեզութիւն, դիմացկութիւն, ապա ուրախութիւն ու զուարթութեան հոգի, ինչպէս նաեւ խիզախութիւնն ու եռանդ, ապա յարատեւ աղօթք որ կը դառնայ հայեցողականութիւն։

Արթուն եւ խելացի պայքար

Հինգերորդ գլուխին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հաստատէ թէ Քրիստոնէական կեանքը «յարատեւ պայքար մըն է» աշխարհիկ մտայնութեան դէմ  ու կը հրաւիրէ պայքարիլ չարին ՝ սատանային դէմ, «աղօթքի» զէնքով,  խորհուրդներու զէնքով ու եղբայրսիրութեամբ ապրուած կեանքով։  Այս ուղղութեամբ Ան դիտել կու տայ թէ կարեւոր է նաեւ «զատորոշումը» յատկապէս դարաշրջանի մը մէջ որ բազմաթիւ «ցրուածութեան»  առիթներ կ՛ընծայէ, որոնք ՝ Աստուծոյ ձայնը լսելու համար պարապութիւններ չեն թողուր, այսուհետեւ հարկ է փնտռել ամփոփումի ժամանակ ու զայն յատկացնել աղօթքի եւ Աստուծոյ հետ զրոյցի, հասկնալու համար թէ« ի՞նչպէս կարելի է լաւապէս կատարել առաքելութիւնը որ մեզի յանձնուեցաւ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդով»։








All the contents on this site are copyrighted ©.