2018-04-08 11:50:00

«Մեր յոյսը Աստուծոյ ողորմութեան մէջ է» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


(Վատիկան Նիուզ) Կիրակի 8 ապրիլ 2018-ի առաւօտեան 10.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գլխաւորեց Աստուածային ողորմութեան կիրակի օրուայ սուրբ պատարագը, ապա նոյն վայրէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, երկրորդ անգամուայ համար, աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն ժամանած 550 ողորմութեան միսիոնարներ, որոնք Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի կազմակերպութեամբ. Հռոմի մէջ կը մասնակցին իրենց յատկացուած մէկ հաւատքին, Քահանայապետի կողմէ Ողորմութեան Յոբելեանի ընթացքին հռչակուած Աստուածային ողորմութեան կիրակի օրուան առիթով։ 

Հաւաքի մասնակցողները ապա առիթ պիտի ունենան, յառաջիկայ 10 ապրիլին, յատուկ հանդիպում ունենալու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ որմէ ետք Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ պիտի  մասնակցին Սրբազան Քահանայապետի կողմէ գլխաւորուած համապատարագին։ 

Աստուածային Ողորմութեան կիրակի օրուայ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով օրուան աւետարանական ընթերցումին, քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն, ուր առաքեալը կը պատմէ թէ «աշակերտները ուրախութեամբ լեցուեցան Տէրը տեսնելով», որոնք ապա Թովմաս առաքեալին պատմեցին թէ «Տէրը տեսան»։

«Աւետարանը կը պատմէ թէ աշակերտները Տէրը ճանչցան որովհետեւ Ան անոնց ցոյց տուաւ իր ձեռքերն ու կողը, իր վէրքերը,  նոյնը պատահեցաւ նաեւ Թովմաս առաքելին հետ, որ տեսնելէ ետք ձեռքերուն վրայ քամերուն հետքերը ու մատը դնելով անոնց վրայ…հաւատաց ըսելով «Տէր իմ եւ Աստուած իմ», ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ մենք պարտաւոր ենք շնորհակալութիւն յայտնել Թովմասին որովհետեւ չի բաւարարուեցաւ միւսներու պատմածները լսելէ եւ ոչ ալ Յիսուսը երեւութապէս տեսնելէ, այլ ուզեց դպչիլ անոր վէրքերուն, Անոր սիրոյ նշաններուն։

Մենք եւս Թովմասի կը նմանինք, անոր երկուորեակ եղբայրներն ենք. Մեզի եւս բաւարար չէ իմանալ թէ Աստուած գոյութիւն ունի, մեր կեանքը չի լիացներ Աստուած մը որ յարութիւն առաւ սակայն հեռու է. «Մենք եւս կարիքը ունինք «տեսնելու Աստուած», դպչելու Անոր որ յարութիւն առաւ մեզի համար» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու հարց տուաւ «Ի՞նչպէս կարող ենք տեսնել զինք» ու պատասխանեց «անոր վէրքերու ընդմէջէն» ինչպէս ըրին աշակերտները, որոնք այդ վէրքերուն նայելով հասկցան թէ որքանով Ան զիրենք կը սիրէր ու ապա ներած էր զիրենք հակառակ որ զինք ուրացան ու զինք լքեցին ու հեռացան։ 


«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք կարող ենք մենք զմեզ քրիստոնեայ կոչել ու խօսիլ հաւատքի արժէքներու մասին սակայն կարիքն ունինք տեսնելու Յիսուսը դպչելով Անոր սիրոյն։ Միայն այդպէսով կրնանք աշակերտներուն նման գտնել խաղաղութիւնն ու ուրախութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու ակնարկեց Թովմաս առաքեալի խօսքին «Տէր իմ եւ Աստուած իմ»։ Այս «Իմ» ստացական ածականը կը նշանակէ թէ մենք կը յարգենք Աստուծոյ ողորմութիւնը. որովհետեւ Ան ուզեց մերը դառնալ, ան մարդեղացաւ, մեռաւ ու յարութիւն առաւ մեզի համար, դառնալով իմ Աստուածս, իմ կեանքս, դառնալով սիրոյ պատմութիւն - դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ու մատնանշեց Աստուծոյ մեզի վերապահած անհուն ողորմութեան ու ներումին մատնանշելով թէ այդ ներումը փորձարկելու համար հարկաւոր է նախ եւ առաջ ընդունիլ մեր մեղաւոր ըլլալը, խոստովանիլ մեր մեղքերը ու ներում հայցել, գերազանցելով «յուսալքումի» խոչընդոտը, նոյնիսկ եթէ գիտակից ենք թէ միշտ ալ նոյն մեղքերը կը գործենք։

Երբ ապաշխարութեան խորհուրդին կը մօտենանք մենք կը նորոգուինք, որովհետեւ կը զգանք թէ որքանով սիրուած ենք, ու սիրուած կացութեան մէջ երբ դարձեալ կը մեղանչենք, մեր ցաւը աւելիով կը մեծնայ, սակայն այդ ցաւը՝ բարի ցաւ մըն է, որ մեզ կը հեռացնէ մեղքէն ու մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ ներումին, յարեց Նորին Սրբութիւնը զգուշացնելով «ամօթ» զգալու վարժութիւնը չկորսնցնելէն, ապա քարոզի աւարտին շեշտը դրաւ մեղքին վրայ որ  «բակ դուռ»ի նման մեզ հեռու կը պահէ Աստուծմէ, դիտել տալով սակայն թէ այդ դուռը  բակ է միայն մեր կողմանէ, Աստուած միշտ բաց կը թողու այդ դուռը։

«Ան արդարեւ երբեք չուզէր մեզ դուրս պահել եւ ասոր համար է որ  խոստովանանքի  պահը կը դառնայ յատուկ պահ մը՝ հանդիպելու Անոր հետ եւ անոր վէրքերուն հետ, ու այդ պահուն մեր վէրքերը կը նոյնանան Իր  վէրքերուն հետ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ  ու հրաւիրեց Սուրբ Թովմասի նման, խնդրել շնորհքը՝ ճանչնալու մեր Աստուածը ու Անոր ներումին մէջ գտնելու մեր ուրախութիւնը, եւ անոր ողորմութեան մէջ մեր յոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.