2018-04-07 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Preti del Prado» ընկերակցութեան անդամներուն։


(Վատիկան Նիուզ) Շաբաթ՝ 7 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց «Preti del Prado» Քահանայից եւ կուսաններու ընկերակցութեան անդամները որոնք ուխտագնացութեամբ ժամանած էին Հռոմ։

«Այս մեր հանդիպումը առիթ է գոհունակութիւն մատուցելու Տիրոջ ձեր հիմնադրի ուղեւորութեան համար որ ի տես իր ապրած ժամանակաշրջանի հարստահարուածներու կացութեան  որոշեց կարեկից դառնալ անոնց որպէսզի, անոք եւս ճանչնան ու սիրեն Յիսուսը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը գնահատելով ընկերակցութեան ժրաջան գործունէութիւնը ի նպաստ  բացառուածներուն եւ աղքատներուն, ոգեւորուած Յիսուսի նոյն սիրով՝ որ ուզեց դառնալ աղքատ աղքատներու միջեւ։

«Մեր ժամանակաշրջանը եւս ունի իր աղքատութիւնը, հին ու նոր, հոգեկան եւ նիւթական, ու բազմաթիւ են անոնք որոնք մեր շուրջը կը գտնուին ու կը փորձարկեն տառապանքը, վէրքերը, թշուառութիւնն ու ամէն տեսակ անձկութիւն» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ շատ անգամ այդ անձերը «հեռու են Եկեղեցիէն ու անգիտակից Աւետարանէն բխող ուրախութենէն ու մխիթարանքէն», այս ուղղութեամբ թելադրելով  մօտիկ գտնուիլ այդ անձերուն ու այնպէս ընել որ անոնք եւս փորձարկեն Եկեղեցւոյ Մայրական Հոգատարութիւնը, ապա գնահատեց ու քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենց հովուական խնամակալութեան գործունէութիւնը։ 

Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց հուսկ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերը, ընկերակցութեան հիմնադիր՝ Հայր Շըվալիէյի երանացման արարողութեան առթիւ, 1986-ին Լիոնի մէջ, որով Ան յորդորած էր երանելիի միաբանակիցներուն «Խօսիլ  Յիսուս Քրիստոսի մասին՝ Հայր Շըվալիէի այն նոյն գորովով» աւելցնելով թէ «աղքատները իրաւունք ունին որ իրենց խօսուի Յիսուս Քրիստոսի մասին. Իրաւունք ունին Աւետարանին ու Աւետարանի ամբողջականութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հաստատեց թէ աղքատներու մեծամասնութիւնը յատուկ բացուածք ունի հաւատքին, անոնք կարիքը ունին Աստուծոյ, ապա հրաւիրեց ներկաները իրենց յիշողութեան մէջ ունենալու իրենց հիմնադիրի օրինակը ու հայցել անոր բարեխօսութիւնը, ապա խօսքը աւարտեց մաղթելով որ Սուրբ Հոգին լուսաւորէ զանոնք իրենց ուղեւորութեան ընթացքին, ու թիկունք կանգնի դժուարութեան ու մարտահրաւէրներու դիմաց։ Ապա Երանելի Անթուան Շըվալիէին յանձնելով ընկերակցութեան բոլոր անդամները, Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցեց որ զանոնք պաշտպանէ ու իր Մայրական հովանիին տակ պահպանէ ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.