2018-04-07 11:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Էմմանուէլ» հասարակութեան անդամները


(Վատիկան նիուզ) Շաբաթ, 7 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Էմմանուէլ» հասարակութեան աւելի քան 500 անդամներ՝ Հռոմի մէջ գումարած  իրենց տարեկան ընդհանուր հանդիպումի առիթով:

Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ «էմմանուէլ» հասարակութեան Հռոմ կատարած ուխտագնացութիւն համարեց, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ լիուլի հաղորդութեան նշան,  շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին նկատմամբ ունեցած  հաւատարմութեան համար ինչպէս նաեւ անոնց միսիոնարական յանձնառութեան, որոնք կը գործեն եւ ներկայ են աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ՝ քաջալերելով զանոնք յարատեւել ապագային մէջ:     

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր գնահատանքը յայտնեց՝ էմմանուէլ հասարակութեան անցեալ 15 օգոստոսին, եկեղեցւոյ կողմէ որպէս կղերական հաստատութիւն ճանչցուած ըլլալուն համար մատնանշելով հասարակութեան խարիզմը, որ կը կայանայ քահանայական կոչումներ յարուցելու մէջ՝ աւետարանացումի խթանման ի սպաս:      

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց հասարակութեան անդամները տարածելու Աստուծոյ բարի լուրը ամենուրէք եւ այր մարդոց ու կիներու բացայայտել տալ Աստուծոյ ողորմածութիւնը՝ խանդաղատանքով ու վերանորոգուած հովուական ծառայութեան միջոցաւ, դպչիլ կարենալու համար մարդոց սրտերուն ու անոնց քաջալերել՝  Աստուծոյ վերադառնալու ուղին վերագտնելու:

Սրբազան Քահանաապետ  «էմմանուէլ» հասարակութեան անդամները յորդորեց անսասան մնալու քրիստոսի մէջ՝  հոգեւոր ամուր կեանք վարելով  եւ  ապաւինելով Սուրբ Հոգիին, որ կը փութայ օգնութեան  հասնիլ  մեր դիրւաբեկ վիճակին  եւ կ՝ամոքէ  այն բոլոր  իրողութնները  որոնք կը տկարացնեն  միսիոնարական յանձնառութիւնը :

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ «էմմանուէլ» հասարակութեան՝ Սուրբ Հոգիէն  մղուած իրենց ուղեւորութեան  համար հրաւիրելով ներկաները միշտ անսալու Աստուծոյ խօսքին, որովհետեւ ըսաւ ան  չի կայ աւելի մեծ ազատութիւն, քան Սուրբ Հոգիէն  առաջնորդուելու  եւ Անոր թոյլ տալու որ լուսաւորէ մեզ եւ ուղարկէ հոն ուր կը կամենայ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.