2018-04-07 09:06:00

Մարոնի Եպիսկոպոսներու խորհուրդը կ՛ողջունէ Լիբանանի զօրակցութեան խորհրդաժողովները


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ողջունեց Լիբանանի զօրակցութեան յատուկ խորհրդաժողովները, որոնք կը փաստեն Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն հոգատարութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ իրենք երախտապարտ են այդ պետութիւններուն օժանդակութեան համար: Խորհուրդը միաժամանակ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան Լիբանանի տրամադրուած վարկերը յատկացնելու արդիւնաբերական ծրագիրներու, որպէսզի անոնք պետական գանձարկղին համար նիւթական յաւելեալ պարտաւորութեան չվերածուին:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց պետութեան մտածելու տնտեսական ծրագիր մը մշակելու մասին, որպէսզի կարենայ աշխուժացնել երկրին տնտեսութիւնը:

Խորհուրդը դրուատեց նաեւ լիբանանեան պետութեան կողմէ 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումը, անհրաժեշտ նկատելով սակայն մշակել ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումներ ընդգրկող ծրագիր մը` Լիբանանը փրկելու իր դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական մարտահրաւէրներէն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց պետութեան լուծելու ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումին թղթածրարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.