2018-04-06 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Մատրիտի երիտասարդաց հաւաքի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2018-ին, Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի Պօղոս Զ  անուան Աստուածաբանական հաստատութեան մէջ սկիզբ առաւ երիտասարդաց հաւաք հանդիպումի ծրագիրը ունենալով որպէս նիւթ «Երիտասարդներ, զատորոշում եւ կրօնաւորական կեանք»:

Մատրիտի Աստուածաբանական հաստատութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքին նպատակն է խոկալ երիտասարդներուն ու կոչումներու մասին, յատուկէն կրօնաւորական կեանքին մասին ի միտ ունենալով  «երիտասարդներուն» նուիրուած եպսիսկոպոաց  յառաջիկայ սիւնհոդոսը:   

Այս առթիւ, Հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց վերոնշեալ հաւաքի մասնակիցներուն, որուն մէջ շեշտը դնելով երիտասարդներուն իրենց արմատներուն վերադարձին անհրաժեշտութեան վրայ,  անդրադարձաւ կոչումներուն պակասին, դիտել տալով, որ պէտք չէ ողբալ փառաւոր անցեալի վրայ երբ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ յառաջ նայելու եւ գործի լծուելու:  

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ  հրաւիրեց երիտասարդները ուղիներ որոնելու, որպէսզի Տէրը կարենայ զրուցել եւ կանչել, զգուշացնելով  ընտրապայքարի, առեւտրային  քարոզարշաւներ  կատարելէ, որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Աստուած  հեռու է այսպիսի առեւտրային  գովազդներու ձեւակերպերէն,  ապա հրաւիրեց  երիտասարդները  քաջութեամբ յառաջ ընթանալու:

Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ նկատեց երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ երկխօսութեան հրամայականը յորդորելով անսալ երիտասարդներուն ու տարեցներուն մտահոգութիւններուն: Ան ապա պատգամը աւարտեց ակնարկելով երիտասարդներու կոչումի պակասին, դիտել տալով թէ Տէրն է, որ  կ՛ որոշէ եւ մենք մեր կարգին պէտք ենք կատարել այն ինչ որ Տէրը մեզմէ կը խնդրէ՝ աղօթել եւ վկայել:








All the contents on this site are copyrighted ©.