2018-04-06 13:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ուրախութիւնը սուրբերը բնորոշող կէտերէն մին է»։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 9 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենակին մէջ կը ներակայցուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի «Gaudete et Exsultate» յորդորագիրը: Այս առիթով Վատիկանի լրատուական գրասենեակը կʼանդրադառնայ Ֆրանչիսկոս Պապի՝ «սրբութեան» նիւթի շուրջ կատարած անդրադարձներուն՝ քարոզներու, յորդորներու եւ քրիստոնէականի ուսուցման ընթացքին։ Սրբազան Հայրը արդէն իր գահակալութեան օրէն միշտ անդրադարձած է այս հարցին, շեշտելով, թէ Եկեղեցին կարիքն ունի սուրբերու եւ ոչ մեծաւորներու, եւ թէ Եկեղեցին «բոլորին կը հրամցնէ կարելիութիւնը՝ քալելու սրբութեան ճանապարհէն, որ քրիստոնեայի ճանապարհն է»՝ ընթանալով դէպի Քրիստոս։ Եկեղեցին չի մերժեր մեղաւորները, այլ կʼընդունի զանոնք եւ կը հրաւիրէ որ վարակուին Աստուծոյ սրբութեամբ։

Այս հարցի շուրջ Ֆրանչիսկոս Պապի կատարած ուսուցումը կը ներկայացուի քանի մը կէտերու մէջ, ուր կը շեշտուի թէ սուրբերը գերմադիկ չեն, այլ Աստուծոյ բարեկամները, որովհետեւ ապրած են խոր հաղորդակցութեամբ՝ Աստուծոյ հետ։ Կարելի է ճանչնալ սուրբերը անոնց ուրախութեան ճառագայթումով։ Սուրբերը այն անձերն են, որոնք իրենց սրտին մէջ ունին ուրախութիւնը եւ զայն կը փոխանցեն ուրիշներուն։ Ուրախութիւնը սուրբերը բնորոշող կէտերէն մին է։

Սրբազան Պապը կը շեշտէ, թէ բոլոր քրիստոնեաները կոչուած են սրբութեան, եւ ոչ ոք բացառուած է։ Բոլոր քրիստոնեաները ունին հաւասար արժանապատուութիւն Տիրոջ առաջ։ Սրբութեան կոչումը կը տրուի բոլորին, հետեւաբար ան իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար նկարագարական կէտ մըն է։

Նաեւ սուրբերը ունին իրենց մեղքերը, սակայն գիտեն զղջալ եւ ներում խնդրել։ Կեանքի իւրաքանչիւր վիճակ կʼառաջնորդէ սրբութեան։ Չկայ սուրբ մը որ չունենայ անցեալ մը առանց մեղքի։ Սակայն պէտք է ընթանալ քաջութեամբ եւ յոյսով, որովհետեւ սրբութիւնը երթ մըն է՝ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ յորդորած է, որ քրիստոնեաները չվախանան սրբութեան ձգտելէ։ Սուրբերը յոյսի վկաներն են։ Սուրբ ըլլալու համար կարիք չկայ ամբողջ օրը միայն աղօթել, այլ նաեւ հիւանդութեան եւ տառապանքի մէջ, աշխատանքի մէջ եւ զաւակներու հոգատարութեան մէջ մարդիկ կը սրբանան։ Բոլորը կարող են սրբանալ, որովհետեւ Տէրը կʼօգնէ մեզի։

Վերջապէս, Սրբազան Պապը զանազան առիթներով խօսած է կեանքի զոհաբերումի մասին, որ մեզ կը հասցնէ սրբութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.