2018-04-06 11:35:00

ՀՀ նախագահն ու Իտալիոյ ծերակոյտի նախագահը մտքեր փոխանակած են ԼՂ խնդիրին շուրջ


Աշխատանքային այցով Իտալիոյ Հանրապետութիւն գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ Մարիա Էլիզապեթա Գազելադիի հետ:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է Գազելադին Ծերակոյտի նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելուն համար եւ յոյս յայտնած, որ հայ-իտալական բազմաբովանդակ յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ շատոնց իրենց հաստատուն տեղը զբաղցնող միջխորհրդարանական կապերը պիտի շարունակուին ընդլայնուիլ եւ ամրապնդուիլ նաեւ տիկին Գազելադիի անձնական ջանքերուն շնորհիւ։

Սերժ Սարգսեան կարեւոր համարած է օրէնսդիր մարմիններուն դերը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման, փոխվստահութեան եւ փոխըմբռնման մթնոլորտ ձեւաւորելու գործին մէջ եւ նշած, որ Հայաստանը շահագրռուած է առաւել սերտ կապեր հաստատելու երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ եւ յարաբերութիւնները զարգացնելու նաեւ միջխորհրդարանական վեհաժողովներու ծիրէն ներս, որ, նախագահի համոզումով, Հայաստանին եւ Իտալիոյ հնարաւորութիւն պիտի տայ կարեւոր հարցերու շուրջ համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու իրարու:

Հանդիպման ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է եւ բարձր գնահատած Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։

Ընդգծելով, որ հայ-իտալական առանձնայատուկ կապերու հիմքը երկու բարեկամ ժողովուրդներուն պատմական սերտ առնչութիւններն ու նոյնակունք քրիստոնէական արժեհամակարգն են, նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ հայ-իտալական միջպետական յարաբերութիւնները անցած քառորդ դարուն զարգացած են գործընկերութեան ու փոխվստահութեան ոգիով, եւ այսօր երկու երկիրները նշանակալի համագործակցութիւն ունին տնտեսական, պաշտպանական, միջխորհրդարանական, ապակեդրոնացուած եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ: Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան կարեւոր եւս մէկ օրինակ ալ, Հանրապետութեան նախագահի համոզումով, Լիբանանի մէջ՝ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու իտալական հրամանատարութեան ներքոյ, հայ զինուորներու արդիւնաւէտ ծառայութիւնն է։

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան, որ նաեւ հայ-իտալական փոխգործակցութեան օրակարգի կարեւոր ուղղութիւններէն է:

Նախագահ Սարգսեան եւ Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ Գազելադին մտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.